Ազրպէյճան Կը Սերտէ Սէուտական Ղեկավարութեամբ Իսլամական Զինուորական Դաշինքին Միանալու Կարելիութիւնը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

22 Aralık 2015  

Ազրպէյճան Կը Սերտէ Սէուտական Ղեկավարութեամբ Իսլամական Զինուորական Դաշինքին Միանալու Կարելիութիւնը -

Ազրպէյճան Կը Սերտէ Սէուտական Ղեկավարութեամբ Իսլամական Զինուորական Դաշինքին Միանալու Կարելիութիւնը Ազրպէյճան Կը Սերտէ Սէուտական Ղեկավարութեամբ Իսլամական Զինուորական Դաշինքին Միանալու Կարելիութիւնը

Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ազրպէյճանի եւ Տաճիկիստանի դեսպանները յայտարարեցին, որ իրենց երկիրները կը սերտեն սէուտական ղեկավարութեամբ Իսլամական զինուորական դաշինքին միանալու կարելիութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռասեմ Ռզայեւ յայտնեց, որ Պաքու կը սերտէ Ռիատի առաջարկը եւ կը ջանայ Սէուտական Արաբիոյ հետ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդել ռազմավարական մակարդակի վրայ:

Ան նշեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ յայտարարութիւն մը հրապարակած է` շեշտելով. «Մեր երկիրը կը զօրակցի ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Սէուտական Արաբիոյ ուղղուածութեան, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը երկրին հետաքրքրութիւններուն մաս կը կազմէ»: Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճան կը ձգտի Սէուտական Արաբիոյ հետ տնտեսական գործընկերութիւնը ամրապնդելու:

Սէուտական Արաբիոյ մէջ Տաճիկիստանի դեսպանը իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը ներկայիս կը սերտէ Իսլամական դաշինքին միանալու սէուտական առաջարկը եւ ապագային այդ դաշինքին միանալու համար անհրաժեշտ միջոցառումները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+