21 Aralık 2015
Հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառը իր լոյսերը պիտի վառէ Դեկտեմբեր 21ի երեկոյեան: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Տօնական ձեռնարկը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 19:30-ին` համերգով, որմէ ետք հրավառութեամբ պիտի ազդարարուի հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառի լոյսերու վառման արարողութիւնը։
Հանրապետութեան հրապարակին գտնուող գլխաւոր տօնածառի լոյսերը վառելու արարողութեան ընթացքին պիտի միանայ նաեւ մայրաքաղաքի արտաքին տօնական լուսաւորութիւնը: