Անգարան Ահաբեկչութիւն Կը Տարհանէ Դէպի Եւրոպա. Շահան Գանտահարեան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

21 Aralık 2015  

Անգարան Ահաբեկչութիւն Կը Տարհանէ Դէպի Եւրոպա. Շահան Գանտահարեան -

Անգարան Ահաբեկչութիւն Կը Տարհանէ Դէպի Եւրոպա. Շահան Գանտահարեան Անգարան Ահաբեկչութիւն Կը Տարհանէ Դէպի Եւրոպա. Շահան Գանտահարեան

Որոշ երկիրներ, քաղաքական նպատակներէ մեկնած, չեն խօսիր Իսլամական պետութեան Թուրքիոյ աջակցութեան մասին: «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

«Այս ընթացքին միջազգային մամուլը եւս բաւական հիմնաւոր փաստեր ներկայացուցած է Իսլամական պետութեան Անգարայի կողմէ ֆինանսական օգնութեան եւ, առհասարակ, տրամադրուող տարբեր տեսակի օժանդակութեան մասին: Ատիկա, ի հարկէ, քաղաքական մօտեցումներով պայմանաւորուած որոշ պետութիւններ հրապարակային չեն ընդունիր, բայց, կը կարծեմ, բոլորին համար փաստ է: Հետզհետէ աւելի կը տարածուի այն համոզումը, որ Թուրքիան կ՛աջակցի Իսլամական պետութեան: Ինչպէս, օրինակ, կ՛ընեն Ռուսիան, Յունաստանը: Ակնյայտ է, որ Անգարան յայտնուած է աշխարհի համար վտանգ ներկայացնող Իսլամական պետութեան հովանաւորելու գիծին վրայ»,- ըսած է­ Շահան Գանտահարեան:

Անոր խօսքով, երբ փախստականներու ալիքը բարձրացաւ եւ Թուրքիա առաջին խումբը ուղարկեց Եւրոպա, այդ փախստականներու շարքին էին նաեւ ահաբեկիչները: Փաստօրէն, ատկէ ետք տեղի ունեցան Փարիզի դէպքերը եւ յաւելեալ վտանգ ստեղծուեցաւ թէ՛ Եւրոպայի, թէ համայն աշխարհի մէջ:

«Ոչ միայն ահաբեկիչներուն աջակցելու, անարգել տեղաշարժուելու հարցն է, այլեւ փախստականներուն Եւրոպա ուղարկելով նաեւ ահաբեկչութիւնը դէպի Եւրոպա տարհանելու խնդիրն է: Անգարայի դերը այս առումով եւս պէտք է բացայայտել: Ասիկա բոլորը գիտեն, պարզապէս, քաղաքական շարժառիթներէ դրդուած չեն ըսեր»,- ­աւելցուցած է Գանտահարեան:

«Ինչ հնարաւոր ազդեցութիւն կ’ունենայ ռուս­-թրքական յարաբերութիւններու լարուածութիւնը Հարաւայի Կովկասի վրայ». «Արմենփրես»-­ի հարցումին պատասխանելով Շահան Գանտահարեան նշած է, որ, ի հարկէ, այս այժմ իրավիճակը լարուած է, սակայն չի բացառուիր, որ քաղաքական իրադրութիւնը կտրուկ փոխուի: Ամէն պարագայի ներկայ նախադրեալները կը յուշեն, որ այս լարուածութիւնը կը խորանայ որոշ ժամանակի համար: Ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի վրայ հնարաւոր ազդեցութեան եւ նոր ճակատի ի յայտ գալուն, ապա թերթի խմբագիրը նշած է, որ Թուրքիա բաւական դժուար պայմաններու մէջ յայտնուած է եւ թէ ներքին, թէ արտաքին խնդիրները խորացած են: Աւելին, այսօր նաեւ կը խօսուի Թուրքիոյ մասնատման հնարաւոր տարբերակի մասին: «Թուրքիան բաւական խճճուած է: Մէկ կողմէ Ռուսիոյ հետ լարուած վիճակ է, միւս կողմէ քիւրտերու խնդիրն է, հարեւաններու հետ ունի բազմաթիւ չլուծուած հարցեր: Կը կարծեմ` այս պարագային դժուար թէ նոր ճակատ ստեղծելու հաւանականութիւն կայ»,- ըսած է­ Շահան Գանտահարեան:

Ամէն պարագայի, ան ընդգծած է որ հայ-­ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան մեծացումը համաձայնեցուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հետ: «Չեմ կարծեր յառաջիկային լայնածաւալ գործողութիւններ ըլլան, բայց այդ թէժացումը պիտի պահպանուի, եւ ատիկա համաձայնեցուած պիտի ըլլայ Անգարայի հետ»,- ­աւելուցած է Շահան Գանտահարեան:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+