Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը Վերջ Գտաւ Առանց Արդիւնքի - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

21 Aralık 2015  

Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը Վերջ Գտաւ Առանց Արդիւնքի -

Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը Վերջ Գտաւ Առանց Արդիւնքի Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը Վերջ Գտաւ Առանց Արդիւնքի

19 դեկտեմբեր 2015-ին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն ծիրին մէջ:

Երկու նախագահներուն հանդիպումէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հայաստանցի լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Հայաստանը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու բանակցութիւնները` բացառապէս խաղաղ միջոցներով հասնելու տագնապի լուծման:

«Մեր հանրապետութեան նախագահի այս վեհաժողովին մասնակցութիւնը ատիկա կը փաստէ, մեր մօտեցման մասին կը խօսի, որ Հայաստանը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու եռանախագահներուն հետ ջանքերը` ուղղուած տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման», ըսաւ Նալբանդեան:

Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ ցաւօք, այսօր եւս յստակ դարձաւ, որ կողմերուն մօտեցումները չեն համընկնիր: Այդ գծով ան մեղադրեց Ազրպէյճանը: «Կողմերը արտայայտեցին իրենց մօտեցումները տագնապի խաղաղ լուծման զանազան տարրերու, զանազան սկզբունքներու շուրջ, որոնք ներկայացուած են եռանախագահներուն կողմէ, եւ կրնան անգամ մը եւս վերահաստատել, որ ցաւօք` մօտեցումները կողմերուն մօտ չեն համընկնիր: Բայց այստեղ ոչ միայն Ազրպէյճանի մօտեցումները չեն համընկնիր ու մօտ չեն Հայաստանի մօտեցումներուն, այլեւ Ազրպէյճանի մօտեցումները, կարելի է ըսել, որ չեն համընկնիր եւ չեն համապատասխաներ եռանախագահող երկիրներու առաջարկներուն»:

Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուց, թէ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած է սահմանային դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման հարցը, որուն հետ կապուած` հայկական կողմը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանին, «համանախագահները պատասխանի կը սպասեն», ըսաւ Նալբանդեան:

«Այսօր նոյնպէս նախագահները քննարկած են այդ մեքանիզմի ստեղծման առաջարկը եւ վերահաստատուած, որ հայկական կողմերը ներկայացուցած են իրենց արձագանգը այդ առաջարկներուն: Սեպտեմբերին ալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին եռանախագահները վերահաստատեցին, որ Հայաստանը ընդունած է, իսկ Ազրպէյճանէն կը սպասեն, որ ան ալ ընդունի:

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու
Յայտարարութիւնը
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ վեհաժողովը նախագահներուն կարելիութիւն ընծայած է առանձնազրոյցի ձեւաչափով հանդիպումի ընթացքին յստակացնելու իրենց դիրքորոշումը:

Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Նախագահները քննարկած են վերջին շրջանին բռնարարքներու դէպքերը եւ յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են զոհերուն առնչութեամբ, ներառեալ քաղաքային անձերու շրջանակին մէջ` ծանր զէնքերու օգտագործման պատճառով: Նախագահները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են համանախագահներուն կողմէ տարուող աշխատանքին այն առաջարկներուն շուրջ, որոնք ուղղուած են շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ բռնարարքներու վտանգներու նուազեցման, ներառեալ` հետաքննութիւններու մեքանիզմ կիրարկելուն:

«Նախագահները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են շարունակելու ներգրաւուածութիւնը բանակցային լուծման առաջարկներուն շուրջ: Անոնք նաեւ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Մինսքի խմբակի ձեւաչափին նկատմամբ:

«Համանախագահները կը շարունակեն պատրաստակամ ըլլալ կողմերուն հետ աշխատանքներ կատարելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման միջնորդութեան հարցին մէջ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+