Զինադադարի Խախտումներուն Պատճառով Նահատակ Մը Եւս. Նախարար Սէյրան Օհանեան Արցախ Այցելեց - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

21 Aralık 2015  

Զինադադարի Խախտումներուն Պատճառով Նահատակ Մը Եւս. Նախարար Սէյրան Օհանեան Արցախ Այցելեց -

Զինադադարի Խախտումներուն Պատճառով Նահատակ Մը Եւս. Նախարար Սէյրան Օհանեան Արցախ Այցելեց Զինադադարի Խախտումներուն Պատճառով Նահատակ Մը Եւս. Նախարար Սէյրան Օհանեան Արցախ Այցելեց

Շաբաթ, 19 դեկտեմբերի գիշերը, ազրպէյճանական ներթափանցման գործողութիւններու պատճառով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ զոհուած է 19-ամեայ զինուոր Ֆիտար Ալոյեան: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը փոխանցէ, որ գիշերային գործողութիւններու պատճառով Ազրպէյճան առնուազն երկու սպաննուած եւ քանի մը վիրաւոր ունի:

Երէկ աշխատանքային այցելութեամբ Ղարաբաղ մեկնեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով, Օհանեան Լեռնային Ղարաբաղի իր պաշտօնակից, հազարապետ-զօրավար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ, «հայկական զոյգ հանրապետութիւններու զինուորական համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի շրջագիծին մէջ ծանօթացած է սահմանային իրադրութեան, հակառակորդի ոտնձգութիւններուն, այսուհետեւ նպատակային կերպով հակազդելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, հանդիպումներ ունեցած է հրամանատարական կազմին եւ պայմանագրային զինուորական ծառայողներու հետ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+