«Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութիւններուն Ընթացքին Շատ Աւելին Ընելու Կարողութիւնը Ունի» Ըսաւ Փութին - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

21 Aralık 2015  

«Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութիւններուն Ընթացքին Շատ Աւելին Ընելու Կարողութիւնը Ունի» Ըսաւ Փութին -

«Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութիւններուն Ընթացքին Շատ Աւելին Ընելու Կարողութիւնը Ունի» Ըսաւ Փութին «Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութիւններուն Ընթացքին Շատ Աւելին Ընելու Կարողութիւնը Ունի» Ըսաւ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր զինուորական գործողութիւններուն մէջ չ՛օգտագործեր «իր կարողութեան ամբողջ տարողութիւնը»: «Մենք նաեւ այլ միջոցներ ունինք եւ անհրաժեշտութեան պարագային զանոնք պիտի օգտագործենք», աւելցուց Ռուսիոյ նախագահը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ուրբաթ օր միաձայնութեամբ որդեգրեց Սուրիոյ շուրջ թիւ 2254 բանաձեւը, որ ՄԱԿ-ի վերահսկողութեամբ «ազատ եւ արդար» ընտրութիւններու համար 18 ամսուան ժամկէտ մը կը ճշդէ եւ կը շեշտէ, որ սուրիացի ժողովուրդն է, որ պէտք է ճշդէ երկրին ապագան:

Որոշումը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ զինադադարի, սակայն տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, թէ ո՛ր խմբաւորումները պէտք է նկատուին ահաբեկչական եւ ըստ այնմ չներառուին զինադադարի համաձայնութեան մէջ: Որոշումը նաեւ կը նախատեսէ վեց ամիսէն «հաւաստի, ներառող եւ ոչ համայնքային կառավարութեան» մը կազմութիւնը, իսկ քաղաքական փոխանցումը պէտք է ըլլայ սուրիական ղեկավարութեամբ: Համաձայնութիւնը նաեւ կը պահանջէ, որ բոլոր կողմերը դադրեցնեն քաղաքայիններու դէմ յարձակումները:

Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութիւնը կը սկսի իր սահմաններէն դուրս: «Այնպիսի պետութիւններ, ինչպիսիք են Իրաքը եւ Սուրիան, չեն կրնար վերահսկել իրենց սահմանները: Եթէ մենք չձեւաւորենք անվտանգութեան մթնոլորտ մը, որ կարենայ վերահսկել ՏԱՀԵՇ-ին եւ ՔԱԿ-ին, ապա պիտի չկարենանք ապահովել անվտանգութիւնը նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Իրաքի մէջ երրորդական պետութիւնները, որոնք ուժեղ ազդեցութիւն ունին, իրենց զինուորական ներկայութիւնը թաքցնելու համար կը փորձեն ուշադրութիւնը շեղել Թուրքիոյ վրայ: Դուք կը հասկնաք որու նկատի ունիմ «երրորդ կողմ» ըսելով: Եթէ մենք դուրս գանք շրջանէն, ապա դատարկութիւնը պիտի լեցնէ ՏԱՀԵՇ-ը», ըսած է ան:

Տաւութօղլու նշած է, թէ որովհետեւ Փութինի խօսքերը խորհրդային քարոզչութեան բնոյթ ունին, ան այդ խօսքերը լուրջի չ՛առներ: «Այժմ Փութինի մէջ ես չեմ տեսներ Պաղ պատերազմի շրջանը անցած ժողովրդավարական Ռուսիոյ ղեկավարը, այլ խորհրդային հոգեբանութեամբ անձ մը, որ կը խօսի Ռուսիոյ անունով: Փութին կ՛երեւի տակաւին մնացած է «Քէյ.Ճի.Պի.»-ի ծիրին մէջ: Անոր իւրաքանչիւր խօսքը ծիծաղ կը յառաջացնէ: Այդ խօսքերը լուրջ ընդունիլը ինծի համար վիրաւորանք կը նկատեմ», ըսած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+