19 Aralık 2015
Քիւրտերուն դէմ մաքրման գործողութիւնները անվտանգութեան ուժերը պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: Նման յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Թրքական Taraf պարբերականի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խիստ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է իրենց իրաւունքներու ու անվտանգութեան համար դիմադրութեան դուրս եկած քիւրտերու հասցէին:
«Մեր բոլոր անվտանգութեան ուժերը` զինուորականները, ոստիկանները, կամաւոր գիւղի պահապանները այնտեղ «մաքրման» գործողութիւններ կ՛իրականացնեն ու պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: Ձեր փորած խրամատներուն մէջ պիտի ոչնչացուիք »,-News.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Էրտողան: