Ըստ Թուրքիոյ Վարչապետարանէն Պաշտօնատարներու. Թուրքիա-Իսրայէլ Հանդիպումները Կը Շարունակուին Դրական Ընթացքո - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Gündem :

19 Aralık 2015  

Ըստ Թուրքիոյ Վարչապետարանէն Պաշտօնատարներու. Թուրքիա-Իսրայէլ Հանդիպումները Կը Շարունակուին Դրական Ընթացքո -

Ըստ Թուրքիոյ Վարչապետարանէն Պաշտօնատարներու. Թուրքիա-Իսրայէլ Հանդիպումները Կը Շարունակուին Դրական Ընթացքո Ըստ Թուրքիոյ Վարչապետարանէն Պաշտօնատարներու. Թուրքիա-Իսրայէլ Հանդիպումները Կը Շարունակուին Դրական Ընթացքով

Թուրքիոյ վարչապետարանէն պաշտօնատարներ` մեկնաբանելով Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Մինչեւ հիմա համաձայնութիւն չէ գոյացած: Հանդիպումները կը շարունակուին եւ դրական ընթացք ունին»:

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու»-ին յայտնեցին, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին Անգարայի նախապէս յայտարարած պայմաններուն շրջագիծին մէջ:

Անդրադառնալով իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն հաղորդած այն տեղեկութեանց, թէ երկու կողմերը արդէն հասած են համաձայնութեան, աղբիւրները յայտնեցին. «Երկկողմանի յարաբերութեանց բնականոնացման համար բանակցութիւններ տեղի ունեցան, եւ աշխատանքը կը շարունակուի կարելի եղածին չափ մօտ ատենին արդիւնքներու հասնելու համար»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը իր կարգին թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Տակաւին բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութիւն չգոյացուցինք, սակայն անիկա շուտով կրնայ գոյանալ»` աւելցնելով. «Երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացաւ»: Աղբիւրները նշեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Զուիցերիոյ մէջ, եւ Թուրքիան ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու: Ան վերադարձած է Թուրքիա:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+