Ակնարկ. Մեքենականութիւններ Յարձակողապաշտները Բացայայտելու - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

19 Aralık 2015  

Ակնարկ. Մեքենականութիւններ Յարձակողապաշտները Բացայայտելու -

Ակնարկ. Մեքենականութիւններ Յարձակողապաշտները Բացայայտելու Ակնարկ. Մեքենականութիւններ Յարձակողապաշտները Բացայայտելու

Ամերիկեան պետական շրջանակներու մէջ յայտնաբար որոշ տեղաշարժ կայ, արցախեւազրպէյճանական շփման գիծին վրայ արձանագրուող խախտումներուն դիմաց պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման մօտեցումը շրջելու: Արագ նշում կատարելով վերջին դիպաշարին` երկու քոնկրեսականներու կողմէ նախաձեռնուած ստորագրահաւաք, ամերիկացի համանախագահին հասցէագրուած նամակի ձեւով, ուր կ՛առաջարկուի զինադադարը խախտողները ճշդելու մեքենականութեան յառաջացում: Այնտեղ արծարծուած կէտերը հետեւեալներն են.

Ա.- Նոր հաստատուելիք միջոցառումները թոյլ կու տան կարճ ժամկէտի մէջ ապահովել ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը եւ պահպանել կայունութիւնը:

Բ.- Իսկ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ` նպաստել համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման տարածաշրջանին մէջ:

Գ.- Մասնաւորապէս, կողմերը պէտք է ստորագրեն համաձայնագիր շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու շուրջ, շփման գիծին վրայ ԵԱՀԿ-ի կողմէ վերահսկուող զարգացած կրակորսիչ համակարգեր եւ ձայնային սարքաւորումներ տեղակայուին` յարձակումներու աղբիւրը ճշդելու համար,

Դ.- ԵԱՀԿ-էն լրացուցիչ դէտեր պէտք է տեղակայուին` շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտումներու դէպքերը աւելի լաւ վերահսկելու համար:

Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախագահի վարչակազմին կողմէ դրական արձագանգները այս ուղղութեամբ փաստօրէն պէտք է ընկալել իբրեւ համաձայնութիւն քոնկրեսականներու առաջարկին:

Մինչ, շփման գիծին վրայ արձանագրուած վերջին լարուածութիւնը ուղղակիօրէն կը կապուի այսօր տեղի ունենալիք միջնախագահական հանդիպումին: Եւ որովհետեւ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ եռանախագահներուն միջնորդութեամբ, նման յարձակողապաշտութիւն Ազրպէյճանի կողմէ ուղղուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հեղինակութեան:

Այս առիթով պաշտօնական Երեւանի առաջարկները ուղղուած են ԵԱՀԿ-ի եռանախագահներուն եւ ըստ էութեան համահունչ են ամերիկեան պետական շրջանակներուն մէջ արծարծուած պահանջներուն:

Պաշտօնական Երեւանը կ՛առաջարկէ.

Ա.- Եռանախագահներու կողմէ առաջարկուող` միջադէպերու հետաքննութեան մեքենականութեան ստեղծումը,

Բ.- ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դիտորդական առաքելութեան ամրապնդումը,

Գ.- Անոր դաշտային օգնականներու թիւը աւելցնելը:

Յայտնաբար այս բոլոր աշխատանքներուն հիմնական նպատակը լոյսին բերելն է նախայարձակը: Քոնկրեսականներու երրորդ կէտն ու Երեւանի կողմէ առաջ մղուած առաջին կէտը այդ բացայայտումին կը միտին:

Յայտնաբար այստեղ կ՛երեւին աշխատանքային թիրախի կամ առաջադրանքներու համընկնումներ Հայ դատի գրասենեակին եւ պաշտօնական Երեւանի արծարծած պահանջ-առաջարկներուն միջեւ:

Պաքուի այս խաղը, համակարգուած Անգարայի կողմէ (նկատի ունենալով երկու օր առաջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը)` հերթական հանդիպումի նախաշեմին նման լարուածութիւն ստեղծելու, պէտք է վերջ գտնէ:

Այս խաղի աւարտին համար մեքենականութիւն մը պէտք է բանի: Կը թուի, թէ այդ մեքենականութեան բանեցման նախադրեալները ձեւաւորման ընթացքի մէջ են:

Ազրպէյճանական կողմը կրկին պիտի յայտնուի բարդ իրավիճակի մէջ, եթէ այլեւայլ պատճառաբանութիւններով փորձէ հակամարտութեան ռազմական վտանգաւոր զարգացումը եւ երկու կողմերէն արձանագրուող մարդկային կորուստները կանխող նման նախաձեռնութիւնը դարձեալ վիժեցնել: Ամէն պարագայի, սադրիչի համար կը ստեղծուի փակուղային վիճակ եւ այլեւս դժուար կը դառնայ երկու կողմերը հաւասարապէս մեղադրելը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+