18 Aralık 2015
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող 14րդ դատարանը ընդունած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կազմուած մեղադրականը, որով կը պահանջուի դատ բանալ շարք մը պաշտօնատարներու դէմ: Անոնց շարքին է Թուրքիոյ անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան հետախուզական բաժինի ներկայ ղեկավար Էնկին Տինչ: Դատարանը որոշած է միացընել այս գործը Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող 5րդ դատարանին մէջ ընթացող Տինքի սպանութեան մայր գործին: 5րդ դատարանին մէջ հիմնական դատա կան գործով հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ 22 Դեկտեմբերին: Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազութեան կողմէ հաստատուած, ապա 14րդ դատարանին կողմէ որդեգրուած մեղադրականով կը նախատեսուի դատ բանալ 26 անձերու դէմ, որոնց շարքին են՝ Տրապիզոնի անվտանգութեան հետախուզական վարչութեան նախկին ղեկավար, ներկայիս հետախուզական գրասենեակի ղեկավար Էնկին Տինչը, Տրապիզոն նահանգի անվտանգութեան նախկին ղեկավար Ռեշաթ Ալթայը, Պոլսոյ նահանգի անվտանգութեան հետախուզական բաժինի ղեկավար Ահմեթ Իլհան Կիւլերը, հետախուզական վարչութեան «Սի» բաժինի ղեկավար Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը, Պոլսոյ նախկին փոխ-նահանգապետ Էրկուն Կիւնկորը, Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Ճելալեթին Ճերահը, Պոլսոյ հետախուզական վարչութեան նախկին պետ Ռամազան Աքեիւրեքը, Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինի նախկին պետ Ֆարուք Սարըն, անվտանգութեան աշխատակիցներ Մուհիտտին Զենիթը, Էօզքան Մումճուն, Էրճան Տեմիրը եւ ուրիշներ: