18 Aralık 2015
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յոյս յայտնեց, որ «թուրք-եգիպտական յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց նախկին վիճակին, ուր հիմնուած էին փոխադարձ յարգանքի, ներքին հարցերուն չմիջամտելու, պետութեան գերիշխանութեան ու ուղղուածութեան որոշման մէջ ժողովրդային կամքին վրայ»:
«Եգիպտոս չ՛ընդունիր իր շահերուն եւ ժողովուրդի կամքին տիրակալութեան որեւէ տեսակի փորձ», ըսաւ ան:
«Թուրքիա միշտ կը ջանայ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ, ուստի նախ եւ առաջ պէտք է Եգիպտոսի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ յարգէ դրական աշխատանքն ու դէպի դրական շրջագիծ վերադարձը», նշեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:
«Մենք միշտ կ՛ողջունենք, որ մեր յարաբերութիւնները դրական ըլլան, շինիչ եւ երկու ժողովուրդներու շահերուն հիմամբ», ըսաւ Շուքրի` հերքելով, որ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց վերականգնման համար Սէուտական Արաբիոյ կողմէ միջնորդութիւն մը գոյութիւն ունի: