18 Aralık 2015
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Իսմեթ Եըլմազ եւ Զաքիր Հասանով հանդիպում ունեցած են Պոլսոյ մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան զարգացման, այդ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հեռանկարներու, միացեալ ռազմափորձերու կատարման վերաբերեալ հարցեր: