18 Aralık 2015
Հայաստանի նախագահութեան մամլոյ գրասենեակին համաձայն, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին պիտի մեկնի Զուիցերիա, ուր յաջորդ օրը հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի մամլոյ ծառայութեան, հանդիպումը Պեռնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի մէջ Ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանախագահներուն միջնորդութեամբ:
Աւելի քան մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումէն ետք ասիկա բարձր մակարդակի առաջին հանդիպումն է, որ տեղի կ՛ունենայ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ եւ հայ-ազրպէյճանական անհանգիստ սահմանին վրայ տիրող լարուածութեան լոյսին տակ:
Յիշեցնենք, որ Սարգսեանի եւ Ալիեւի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է նախորդ տարուան հոկտեմբերին, Փարիզի մէջ: