Թուրքիա 2015ին շարունակեց Ցեղասպանութիւնը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

17 Aralık 2015  

Թուրքիա 2015ին շարունակեց Ցեղասպանութիւնը -

Թուրքիա 2015ին շարունակեց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիա 2015ին շարունակեց Ցեղասպանութիւնը

Թուրք ա­զա­տա­խոհ հրա­պա­րա­կա­գիր ու մտա­ւո­րա­կան Ռա­կըպ Զա­րա­քօ­լու, որ ներ­կա­յիս Եւ­րո­պա կը մնայ, ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի Շար­լո­թեն­պուրկ շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան սրա­հին մէջ, Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ ու Մ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին։ Բա­նա­խօ­սու­թեան նիւթն էր՝ «2015 թո­ւա­կա­նը ի՞նչ բե­րաւ»։

Զա­րա­քօ­լու ը­սաւ, որ հա­րիւ­րա­մեա­կը լաւ ա­ռիթ մըն էր, որ­պէս­զի Թուր­քիա ե­րես առ ե­րես գար իր պատ­մու­թեան հետ, բայց ոչ միայն նե­րո­ղու­թիւն չխնդրեց եւ հա­տու­ցում չվճա­րեց, այլ նոյ­նիսկ հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ յար­գանք չկրցաւ ցու­ցա­բե­րել։ «­Հայ ժո­ղո­վուր­դը բան մը կորսն­ցո՞ւց աս­կէ։ Ո՛չ։ Դար­ձեալ Թուր­քիան է, որ կորսն­ցուց»,- շեշ­տեց ան։

Ըստ Զա­րա­քօ­լո­ւի՝ Թուր­քիա, որ կը յա­մա­ռի իր կե­ցո­ւած­քը չփո­խե­լուն վրայ, քայ­լեր ա­ռաւ ո՛չ թէ դէ­պի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, այլ դէ­պի ա­ռա­ւել ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւն։ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը այս ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան մէկ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը դար­ձաւ։ Մինչ­դեռ Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման պայ­ման­նե­րէն մէ­կը՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու նե­րո­ղու­թիւն խնդրելն է, որ այ­լեւս կեն­սա­կան անհը­րա­ժեշ­տու­թիւն մը դար­ձած է ո՛չ թէ զո­հո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն, այլ՝ Թուր­քիոյ գո­յա­տեւ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

«­Թուր­քիա նոյն սխալ­նե­րը յա­մա­ռօ­րէն կը կրկնէ։ Մինչ­դեռ անհ­րա­ժեշտ դար­ձած է, որ «ան­գամ մըն ալ եր­բեք» ը­սե­լու մտայ­նու­թիւ­նը հա­սուն­նայ։ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իր այս պնդու­մով ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ը­սել կ­՛ու­զէ, որ ե­թէ պէտք ըլ­լայ՝ դար­ձեալ կ­՛ը­նենք նոյ­նը։ Թուր­քիա հա­րիւր տա­րի ետք ոս­տում մը ը­րած է դէ­պի Թա­լէաթ-Էն­վեր-­Ճե­մալ ե­ռեակի ար­կա­ծախնդ­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»,- պնդեց ան։

Զա­րա­քօ­լու, որ իր եր­կար բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը զար­գա­ցուց այս վեր­լու­ծում­նե­րով՝ ը­սաւ, որ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ սկսած Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 2015ին իր վերջ­նա­կան հանգ­րո­ւա­նին հա­սաւ՝ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ վե­րապ­րող եր­րորդ կամ չոր­րորդ սե­րունդ հա­յե­րուն, ա­սո­րի­նե­րուն եւ ե­զի­տի­նե­րուն «ար­մա­տը չորցնե­լով»։ «­Հա­յերն ու ե­զի­տի­նե­րը հան­գիստ կեանք մը կ­՛ապ­րէին Սու­րիոյ ու Ի­րա­քի մէջ. ա՛յդ ալ վեր­ջա­ցաւ»,- ը­սաւ ա­ն։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+