Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Սուրբ Ծննդեան առթիւ ուղերձը։ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

17 Aralık 2015  

Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Սուրբ Ծննդեան առթիւ ուղերձը։ -

Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Սուրբ Ծննդեան առթիւ ուղերձը։ Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Սուրբ Ծննդեան առթիւ ուղերձը։

Սիրելի Հայրեր, եղբայրակից Քահա-նայութեամբ Սիրեցեալ Քոյրեր ու եղ-բայրներ Քրիստոսի մէջհրճուի՛նք:


Լոյսի ու ճշմարիտ ուրախութեան զաւակներ ենք, ծնած աւելի քան 2000 տարի առաջ եւ չի դադրի՛ր ծնելէ ամէն օր աշխարհի խորաններուն վրայ, որպէսզի կրկին ծնի մեր սրտերուն մէջ:

Ծննդեան տօնը, քրիստոնեաներուս համար, ծնունդն է Քրիստոսի՝ իւրաքանչիւրիս սրտին ու հոգիին խորը, որպէսզի մեզ առաջնորդէ դէպի Հայրը եւ դէպի անսպառ երջանկութիւնը:

Ծնունդը կարեւոր տօն մընէ: Մեզի կը յիշեցնէ, թէ Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին մարդ եղաւ մեզ ազատելու մեղքի ստրկութենէն եւ դարձնելու Հօր/Աստուծոյ: Մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ յիշեցնելու Հօր/Աստուծոյ կամքը, որ կը փնտռէ լոկ մեր երջանկութիւնը:


Ս. Կոյսէն ծնած Յիսուսը՝ պատգամն է խաղաղութեան, արդարութեան եւ սիրոյ:

Աւետարանները մանրամասնութիւններ չեն տար Յիսուսի ծննդեան թուականին մասին: Ինչ որ կարելի է ըսել, եւ որուն նաեւ կը հաւատանք հաստատապէս, թէ Փրկիչ մը ծնաւ մեզի համար, որ Քրիստոսն է: Կաթողիկէ Եկեղեցին, չորրորդ դարէն սկսեալ, ընտրեց 25 Դեկտեմբերի թուա-կանը տօնելու համար Ծնունդը: Օրթոտոքս/Առաքելական Եկեղեցիները կը տօնեն 6 կամ 7 Յունուարին: Սակայն, Միութենական հոգիով,բոլոր Եկեղեցիները կրնան որոշել տօնել ծնունդը ամառը կամ ձմեռը: Էականը՝ վերապրիլն է Աստուծոյ ծնունդը մեր միջեւ եւ խոկալ մեր փրկչագործութեան ու դարձի խորհուրդը:

Մեղքով մարդկութիւնը կորսնցուց Աստուծոյ Պատկերին անմեղութիւնը: Ս. Ծնունդով՝ զայն վերստացանք: Մեղքով՝ մահը մտաւ աշ-խարհ. Քրիստոսի ծննդեամբ՝ Կեանքը՝ յաղ-թանակեց: Խոնարհութիւնը փոխարինեցհպարտութիւնը, հնազանդութիւնը յաջորդեց անհնազանդութեան:


Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ բանալու մեր սրտերը մանուկին եւ օտարին: Ա՛յս է հոգին Ծննդեան: Տեղ մը վերապահել՝ ծննդեան նախօրեակի սեղանին շուրջ, կամ կարկանդակի բաժին մը՝ աղքատին, անծանօթին, առանձին ապրող դրացիին, հիւանդին, բանտարկեալին... զիրենք այցելել ու անոնց հասցնել Սիրոյ պատգամը

Նորածինին, ա՛յս է հոգին Ծննդեան:
Մեր ժողովրդապետութիւններէն ու դպրոցներէն թող չպակսին ծննդեան թատրոններն ու կենդանի մսուրները: Ասոնք կը քաջալերեն մեզ վերապրելու քաղցրութիւնը Ծննդեան ու խորհուրդը մարդկութեան փրկչագործութեան:


Համագործակցաբար զաւակներուն հետ, մսուր մը պատրաստել տան մէջ Դեկտեմբերի սկիզբը ու զայն զարդարել՝ զիրենք կ’ուրախացնէ ու կը պատրաստէ վերապրելու աստուածային Սիրոյնխորհուրդը:

Աշխարհականացած ու անհատապաշտ աշխարհի մը մէջ, հալածանքներով ու պատե-րազմներով վիրաւոր, հոգերով ու վաղուայ մտատանջութեամբ ու վախով բեռնաւորուած, Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ մերձենալու ճշմարիտ ուրախութեամբ ու վստահութեամբ Նազարեթի Նորածինին, Տապանակի Ս. Հաղորդութեան,որ մեզ կը հարստացնէ մեծ յոյսով, որ կը բխի իր աղքատութենէն, անկարողութենէն ու խո-նարհութենէն: Վստահութիւն մը Նորածինին՝ որ մարդացաւ ու մանուկ եղաւ մեր սիրոյն համար,որպէսզի մեզի դարձնէ Աստուծոյ որդիի արժանապատուութիւնը: Յոյս մը,որ քաջալերեց մոգերը, առաքեալները, բոլոր դարերու սուրբերնու սրբուհիները, Եկեղեցին ընդհանրական, հետեւելու Բեթղեհէմի մանուկին:


Ծննդեան տօնը կոչ մըն է Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր Եղբայր/քոյրերուն, բոլորը սիր-ւած Քրիստոսէ: Ծնունդը՝ հաւատալ է Ս. Հաղորդութեան մէջ Յիսուսի ամենակարողու-թեան: Տապանակին մէջ սէրն է որ չի՛ դադրիրհոգալ, պահել ու պաշտպանել մեզ: Ան մեզի կը սպասէ ըսելու համար,թէ մեզ կը սիրէ ու մեզմէ կը սպասէ փոխադարձ սէր: Ամենակարողը, որ մեզ կը քաջալերէ ու կը մղէ ապրելու կեանքը՝ հաղորդակցաբար Իր եւ ուրիշներուն հետ: Ա՛նէ, որ մեզի հետ կը տանի աշխարհի բեռն ու հոգերը:


Ծնունդը հրաւէր մըն է իւրաքանչիւրիս, որպէսզի այնպէս ապրինք, որ արժանի ըլլանք Անոր որ իր վստահութիւնը դրաւ մեր վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ըլլալ արժանաւոր մեր առաքելական ուփրկչական կոչումին:

Սիրեցեալ Եղբայրներ եւ քոյրեր, մաղթանքս է, որ Ծնունդը ըլլայ ճշմարտապէս լի քրիս-տոնէական հոգիով, որպէսզի գիտնանք,թէ Աստուած Էմմանուէլ է- մեզի հետ է, մեր սրտերուն մէջն է ու մեզի կ’ընկերանայԿեանքի ուղեւորութեան ընթացքին՝ դէպի Երջանկութիւնը յաւիտենական:
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ:


Հայր Յովհաննէս Թէյրուզեան, Եպիսկոպոս





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+