17 Aralık 2015
Քաթարի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ահմեթ Տեմիրոք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիան երկկողմանի համագործակցութեան ծիրին մէջ մտադիր է ռազմակայան հիմնել Քաթարի մէջ:
«Թուրքիան եւ Քաթարը կը դիմակայեն հասարակաց խնդիրներ, եւ մենք երկուքս ալ մտահոգ ենք շրջանային զարգացումներով եւ միւս երկիրներուն անորոշ քաղաքականութեամբ: Մենք ունինք ընդհանուր թշնամիներ: Միջին Արեւելքի համար այս ճգնաժամային ժամանակաշրջանին մեր միջեւ համագործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի», ըսած է Տեմիրոք:
Քաթարի իշխանութիւնները տակաւին չեն մեկնաբանած այս յայտարարութիւնը: