17 Aralık 2015
Ակօս կը հաղորդէ, որ թուրք ոստիկանները կոտրած են Մարտինի Տերիք շրջանին մէջ գտնուող պատմական Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ դռները:
Ըստ ականատեսներու վկայութիւններուն, ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը Տերիքի մէջ շղթայազերծուած գործողութիւններու ծիրին մէջ կոտրած են եկեղեցւոյ դռները եւ վնասներ պատճառած անոր: 20 տարիէ ի վեր կամաւոր կերպով եկեղեցիին պահակութիւն ընող 75-ամեայ Հաթուն Ճասուր յայտնած է, որ երբ եկեղեցի վերադարձած է, տեսած է, որ բոլոր դռները կոտրուած են, իսկ իրերը` այս ու այն կողմ շպրտուած:
5-րդ դարու Ս. Գէորգ եկեղեցին ներառուած է Եւրոպայի` վտանգուած մշակութային արժէքներու պահպանութեան ծրագիրին մէջ: