16 Aralık 2015
27 հոկտեմբեր 2015-ին մասնակի արդարութիւն մը իրականացուեցաւ, երբ Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Պոլսոյ պատանեկան տան»` «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») կալուածին մէկ մասը վերադարձուեցաւ իր օրինական տիրոջ` Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:
«Քեմփ Արմէն»-ը տունն էր 1500-է աւելի որբերու, որոնց «տունդարձ»-ը Անատոլուի խորերէն եւ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը պարտինք Հրանդ Կիւզէլեան անունով հայ աւետարանական հերոսին: Հոն էր, որ նահատակ լրագրող Հրանդ Տինք եւ կինը` Ռաքել, հանդիպած եւ ամուսնացած էին: Ճամբարը մայիս 2015-ին քանդուելու իրավիճակի մէջ կը գտնուէր:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տնօրէն Զաւէն Խանճեան վերջերս յատուկ նամակով մը` ուղղուած Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին, շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան դրական միջամտութեան եւ դերին համար` «Քեմփ Արմէն»-ի մասնակի վերադարձին առումով: Ապա Խանճեան կոչ ուղղեց վարչապետին` կալուածին հողերը ամբողջութեամբ վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ` Հայ աւետարանական եկեղեցիին, որ օրինաւոր կերպով գնած եւ ձեռք բերած էր կալուածը ու կառուցած զայն` ճամբարի մանուկներուն քրտնաջան աշխատանքով: