Կլէնտելի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին Յոբելենական Դռան բացումը։ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

16 Aralık 2015  

Կլէնտելի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին Յոբելենական Դռան բացումը։ -

Կլէնտելի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին Յոբելենական Դռան բացումը։ Կլէնտելի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին Յոբելենական Դռան բացումը։

Կիրակի 13 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Միացեալ նահանգներու մէջ Կլէնտելի Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ,Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ բացումը կատարեց Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Սուրբ դռան։


Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ պատարագով ապա ``Զի ողորմած`` աղօթքէն ետք, կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ողորմութեան յոբելենական տարուայ առթիւ հրատարակած կոնդակէն յատուած մը, ապա պատարագիչ առաջնորդն ու կղերական դասն ու հաւատացեալները թափօրով ուղղուեցան դէպի Եկեղեցւոյ մուտքի դուռը ուր տեղի ունեցաւ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազանը խնդրեց որ բացուի ողորմութեան դուռը եւ հաւացեալները ընդունուին Աստուծոյ Տան մէջ։ Դուռի բացումէն ետք Գերապայծառ Մուրատեան մուտք գործեց Եկեղեցի ու դռան սեմին ծունկի եկած աղօթեց, մինչ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Անտոն Նորատունկեան թափօրով` առաջնորդին բերաւ ու անոր յանձնեց խորանին վրայ զետեղուած Աւետարանը, հուսկ Աւետարանը բարձր, առաջնորդի եւ առընթերակայ վարդապետներուն առաջնորդութեամբ, հաւատացեալներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի խորան եւ տեղի ունեցաւ ``Աւետարանի Օրհնութիւնը`` որմէ ետք շարունակուեցաւ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։


Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը մատնանշեց աւետարանական խօսքերուն ու հրաւէրին` ապաշխարելու ``որովհետեւ մօտ է երկնքի արքայութիւնը``, Ան ապա մեկնաբանեց յոբելենական տարւոյն իմաստը շեշտը դնելով Աստուծոյ Ողորմութեան վրայ ու յատկապէս նշելով թէ հայ եկեղեցւոյ շարականներուն մէջ այդ ողորմութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ։ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը հուսկ մատնանշեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին, քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (Գլ 15) ուր Յիսուս կը խօսի կորսուած ոչխարի մասին ու այս առընչութեամբ առաջնորդը հարց տուաւ ``ո՞վ է մեր մէջ այն անձը որ իր կեանքի ընթացքին ապրած չէ մոլորեալ ոչխարին փորձառութիւնը`` եւ հաստատեց թէ Հայրը ողորմած է. Ան միշտ կը ներէ ու քարոզի աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները այս Յոբելենական տարւոյն ընթացքին որոնելու առիթներ ողորմութեան, եւ ապաշխարութեան ճանապարհով աւելիով մօտենալու Տիրոջ, ամրապնդելով Հոգեւոր կեանքը ու ձգտելու յաւիտենական կեանքի ուրախութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+