Մոնրէալի Մէջ Բացուած է Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

16 Aralık 2015  

Մոնրէալի Մէջ Բացուած է Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս -

Մոնրէալի Մէջ Բացուած է Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մոնրէալի Մէջ Բացուած է Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Գանատայի Մոնրէալ քաղաքի Ողջակիզման կեդրոնին մէջ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մասնակցութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Գանատայի յանձնաժողովի եւ Ողջակիզման կեդրոնի կազմակերպութեամբ Դեկտեմբեր 10-ին բացուած է «Մուսա Լերան 40 օրը. դիմադրութեան վկայութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան իրադարձութիւններու կեդրոնին մէջ» խորագիրով ցուցահանդէս` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցումով` ցուցահանդէսին ներկայ եղած են Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, Մոնրէալի հրէական ողջակիզման կեդրոնի նախագահ Դանիէլ Ռապինովիչը, կեդրոնի գործադիր տնօրէն Ալիս Հէրսգովիչը, Իսրայէլի բաց համալսարանի փրոֆէսըր, պատմաբան Եաիր Աուրոնը, Մոնրէալի Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան եւ մարդու իրաւունքներու ուսւմնարանի տնօրէն Ֆրենք Չոքը, Մուսա Լերան հերոսամարտի զինուորական ղեկավար, հայկական լեգիոնի հերոս սպայ, սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Մովսէս Տէր-Գալուստեանի որդին` Վազգէն Տէր-Գալուստեանը, Մոնրէալի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, գանատացի հասարակական-քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Եգանեանը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Գանատայի կառավարութեան` ցուցահանդէսը հովանաւորելու, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ ընդունուած բանաձեւերու համար: Դեսպանը, մասնաւորապէս, նշած է. «Ցուցահանդէսը իր առանձնայատուկ տեղը ունի ողջ տարուան ընթացքին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ իրականացուող` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու շարքին: Անոնց միջոցով վերահաստատուեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործողներու հիմնական նպատակը տապալեցաւ, քանզի հայ ժողովուրդը ոչ թէ ոչնչացուեցաւ, այլ, ընդհակառակը, իր մէջ ուժ գտաւ` յաղթահարելու Ցեղասպանութեան անագորոյն դժուարութիւնները եւ կրցաւ ապրիլ իրական վերածնունդ` աւելի համախմբուելով եւ կուռ դառնալով: Հայ ժողովուրդը Մուսա Լերան մեր հայրենակիցներու ծինը կը կրէ իր մէջ: Մենք յիշում ենք մեր հերոսները եւ կը խոնարհուինք անոնց առջեւ»:

Նոյն օրը ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կայացած է նաեւ փրոֆէսըր Եաիր Աուրոնի «Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրը վէպի ազդեցութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հրէական դիմադրութեան վրայ» թեմայով դասախօսութիւնը:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 2016 Փետրուար 11:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+