16 Aralık 2015
ԱՄՆ-ի` Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ կառավարութեան հետ կապուած քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ:
Մենք կը յարգենք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկեան համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:
Համանախագահը նշած է, որ տարածքի հարցը մաս կը կազմէ հակամարտութեան բազմակողմանի լուծման. «Անոր մէջ կը մտնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումը: Արժէ նշել, որ արդարացի լուծումը պիտի հիմնուի միջազգային իրաւունքի վրայ: Անոր մէջ կը մտնէ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտը եւ ուժ ու սպառնալիք չկիրառելու սկզբունքը, ներառեալ նաեւ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները: Ոչ մենք, ոչ Հայաստանը, ոչ ուրիշ երկիր չ՛ընդունիր Լեռնային Ղարաբաղի վարչակարգը: Միաժամանակ անհրաժեշտ է լսել Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան ձայնը, որ եւ կ՝ընեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները»,- աւելցուցած է ամերիկացի համանախագահը: