Թուրքիոյ Մէջ Համերգ Չեմ Տար, Քանի Դեռ Չէ Ճանչցած Ցեղասպանութիւնը. Գիսին - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

15 Aralık 2015  

Թուրքիոյ Մէջ Համերգ Չեմ Տար, Քանի Դեռ Չէ Ճանչցած Ցեղասպանութիւնը. Գիսին -

Թուրքիոյ Մէջ Համերգ Չեմ Տար, Քանի Դեռ Չէ Ճանչցած Ցեղասպանութիւնը. Գիսին Թուրքիոյ Մէջ Համերգ Չեմ Տար, Քանի Դեռ Չէ Ճանչցած Ցեղասպանութիւնը. Գիսին

Ռուս յայտնի դաշնակահար Եւկենի Գիսինը ամերիկեան հեղինակաւոր The New York Times պարբերականին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ կը հրաժարի համերգներ ունենալ Թուրքիոյ մէջ այնքան ժամանակ, քանի դեռ թրքական կառավարութիւնը չէ ճանչցած 1915 թուականին հայերու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ես կը հաւատամ, որ երբ մարդիկ նման պետութիւններու մէջ կը գիտնան, որ որոշ երաժիշտներ կը հրաժարին համերգ ունենալ այդտեղ, քանի որ անոնց հաճելի չէ, թէ ինչ կ՝ընեն այդ երկիրներու ղեկավարները, ատիկա մտաւորականները աւելի գիտակից պիտի դարձնէ»,- ըսած է Գիսինը` աւելցնելով, որ ինքը չի դատապարտեր իր այն գործընկերները, որոնք համերգներ կ՝ունենան մենատիրական երկիրներու մէջ: «Ատիկա անոնց ընտրութիւնն է»,­ ըսած է ռուս աշխարհահռչակ երաժիշտը, որ Դեկտեմբեր 16-­ին հրէայ երգահաններուն նուիրուած համերգ կ՝ունենայ «Քարնեկի» սրահին մէջ: 2015 թուականի Ապրիլին Գիսինը այցելած էր Հայաստան, ուր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած էր, որ կոչով պիտի դիմէ համաշխարհային արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն, որպէսզի անոնք միջազգային հանրութեան յորդորեն ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+