Կենդանակերպի որ Նշանը Ամենահարուստը Պիտի Ըլլայ 2016 Թուականին - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

15 Aralık 2015  

Կենդանակերպի որ Նշանը Ամենահարուստը Պիտի Ըլլայ 2016 Թուականին -

Կենդանակերպի որ Նշանը Ամենահարուստը Պիտի Ըլլայ 2016 Թուականին Կենդանակերպի որ Նշանը Ամենահարուստը Պիտի Ըլլայ 2016 Թուականին

2016 թուականին Կենդանակերպի որոշ նշաններ պիտի ըլլան առաւել յաջողակ: Յաջորդ տարին պիտի անցնի Հրէ Կապիկի հովանաւորութեան ներքոյ: Այդ հանգամանքը պիտի դառնայ առաջին փաստարկը, որ պիտի ազդէ հարստութեան եւ ձեր դրամապանակի վիճակին վրայ: Կրակի տարերքը կը հանդիսանայ գլխաւոր ուղղորդող ուժը Կենդանակերպի 3 նշաններու` Խոյի, Առիւծի եւ Աղեղնաւորի համար: Յաջորդ տարի անոնց համար դիւրին պիտի ըլլայ գումար վաստակելու:

Բայց որպէսզի հնարաւոր ըլլայ պահել յաջողութիւնը, Կենդանակերպի այս 3 նշաններուն համար կարեւոր է հաշուի առնել եկող տարուան առանձնայատկութիւնը: Կապիկը չի գնահատեր, եթէ բռնկող Խոյը իր ծանր բնաւորութեամբ ճնշէ իր մտերիմները:

Առիւծները վարժ ըլլալով ուշադրութեան կեդրոնին գտնուելուն, Կապիկի բարեհաճութենէն ամէն պարագայի զրկուած չեն մնար, բայց աւելորդ «վայրիութիւնը», օրինակ` հակառակ սեռի նկատմամբ կատարած զօրաւոր որսը, կրնայ զրկել զիրենք միջոցներու էական մասէն:

Ինչ կը վերաբերի Աղեղնաւորին, անոնց համար կարեւոր պիտի ըլլայ ժամանակին ըլլալ ճիշդ տեղը եւ չփախցնել յարմար պահերը: 2016-ին Կապիկի տարին անոնք պիտի ունենան շատ ուժ, այնպէս որ, պէտք է զայն օգտագործեն գործի մէջ:

Այս կանխատեսումը չի նշանակեր, որ Կենդանակերպի միւս նշանները զրկուած պիտի ըլլան աւելի շատ վաստակելու եւ իրենց եկամտի մակարդակը բարձրացնելու հնարաւորութենէն: Որպէսզի պիւտճէն աճի եւ ուրախացնէ ձեզ, աստղագուշակները խորհուրդ կու տան հաշուի առնել Կենդանակերպի ձեր նշանի փոխյարաբերութիւնը կապիկի հետ: Օրինակ, ամրան ընթացքին անոր հովանաւորութիւնը աւելի ուժեղ է, եւ կը նշանակէ, որ միայն Առիւծները չեն իյնար երջանիկ հատուածին մէջ, այլ նաեւ Երկուորեակները, Խեցգետինները եւ Կոյսերը, որոնք ամրան ընթացքին կատարելով որեւէ շահաւէտ գործ՝ կրնան հարստանալ:

Իսկ Կենդանակերպի միւս նշանները` ձմեռնայինները, աշնանայինները, գարնանայինները եւ անոնք, որոնք կրակի տարերքի ղեկավարման ներքոյ չեն, կրնան աւելի հարուստ դառնալ` օգտագործելով արեւելեան իմաստութիւնը: Կրնան ձեռք բերել դրամի ծառ կամ դրամի թալիսման, որոնք դէպի իրենց պիտի գրաւեն հարստութիւնը եւ յաջողութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+