15 Aralık 2015
Ճատրակի Հայաստանի հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեան «London Chess Classic»-ի մրցաշարին գրաւեց 4-րդ դիրքը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀԱՕԿ լրատուութեան բաժինը:
Մրցաշարի վերջին հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը Մաքսիմ Լագրաւն էր: Կրանտմասթերները խաղի 34-րդ քայլին համաձայնեցան հաւասար արդիւնքին: 9 հնարաւորէն հաւաքելով 5 միաւոր` Արոնեան գրաւեց 4-րդ տեղը: Մրցաշարի յաղթող դարձաւ աշխարհի գործող ախոյեան նորվեգացի Մագնուս Կարլսենը: