14 Aralık 2015
Թուրքիոյ ընդդիմադիր քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան առաջանորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն այցելած է թրքական «Ճումհուրիեթ» պարբերականի երկու բանտարկուած լրագրողները` Ճան Տիւնտարը եւ Էրտեմ Կիւլը:
Ըստ hayeli.am-ի՝ թրքական «Հուրրիէթ» պարբերականի կը փոխանցէ, որ այցելութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Քըլըչտարօղլուն յիշեցուցած է, որ թրքական բանտերուն մէջ այժմ ազատազրկուած է 32 լրագրող, ինչ որ անընդունելի է. լրագրողները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին:
«Վստահ եղէք, որ շատ քիչ է տարբերութիւնը Թուրքիոյ մէջ բանտի մէջ կամ դուրս ըլլալուն մէջ: Երկիրը կիսաբաց բանտի վերածուած է: Մարդու իրաւունքները կը խախտոին, ժողովրդավարութիւնը առկախուած է: Բազմիցս ըսած եմ, որ այս ձերբակալութիւնները ժողովրդավարական ամօթ են: 21-րդ դարուն Թուրքիոյ մէջ 32 լրագրողին բանտ գտնուիլը ամենամեծ խայտառակութիւններէն մէկն է: Թուրքիա համաշխարհային օրակարգին կը յայտնուի ձերբակալուած լրագրողներու թեմայով: Այս իրավիճակը անընդունելի է: Մենք ատիկա սխալ կը համարենք ու կը պահանջենք 32-ին ալ ազատ արձակուիլը»,- ըսած է թրքական ընդդիմութեան առաջնորդը: