14 Aralık 2015
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը փոխնախարար Անաթոլի Անթոնովի հետ շտապ զրոյցի հրաւիրած է Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան պաշտպանութեան, ռազմածովային հարցերու ռազմական կցորդ Ահմետ Կիւնեշը: Այս մասին կը հաղորդէ Ness.am-ը` վկայակոչելով ՌԴ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
«Թրքական ռազմական դիւանագէտին կոշտ ներկայացուած է Սուրիոյ մէջ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիր իրականացնող ռուսական զօրակազմի դէմ պաշտօնական Անգարայի անխոհեմ գործողութիւններու հնարաւոր կործանարար հետեւանքներուն մասին»,- նշած են նախարարութենէն:
«Մասնաւորապէս, խոր մտահոգութիւն յայտնած ենք Էգէեական ծովուն մէջ թրքական ձկնորսական նաւուն կողմէ ռուսական ռազմանաւին դէմ հերթական սադրիչ գործողութիւններու առիթով, որ թրքական նաւուն հետ բախումէ խուսափելու համար ստիպուած եղած է նախազգուշական կրակ արձակել»,- յայտնած է ՊՆ-ն` աւելցնելով. «Ահմետ Կիւնեշը խոստացած է անյապաղ Անգարային տեղեկացնել ռուսական կողմի ներկայացման բովանդակութիւնը»: