Օրհան Փամուք Թուրքիոյ ԵՄ-ին Անդամակցութեան Դէմ Է - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

14 Aralık 2015  

Օրհան Փամուք Թուրքիոյ ԵՄ-ին Անդամակցութեան Դէմ Է -

Օրհան Փամուք Թուրքիոյ ԵՄ-ին Անդամակցութեան Դէմ Է Օրհան Փամուք Թուրքիոյ ԵՄ-ին Անդամակցութեան Դէմ Է

Գրականութեան Նոպելեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուք խօսած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան մասին` նշելով, որ այդ անդամակցութիւնը ճիշդ չի համարեր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրրիէթ» պարբերականը:

«Անհնար է ցանկալ, որ Թուրքիան դառնայ ԵՄ անդամ, քանի դեռ երկրին մէջ յարգանք չկայ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, իսկ լրագրողները բանտերու մէջ են: Թուրքիոյ մէջ շատերը կը ձերբակալուին միայն սեփական հայեացքներու պատճառով: Չձերբակալուելու պարագային ալ վարչակարգը մեծ լրատուականներու ղեկավարներուն մեծ տուրքեր կը նշանակէ կամ իր կողմէ ոչ ցանկալի անձերու դէմ իրեն մօտ լրատուամիջոցներու միջոցով մեղադրանքներ կը հնչեցնէ»,­- ըսած է Փամուք:

Օրհան Փամուք յայտնի է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Քրդական հարցին վերաբերեալ իր քաղաքացիական դիրքորոշմամբ, որ եւս կը հակասէ թրքական պաշտօնական դիրքորոշումին: Փամուկ այն սակաւաթիւ թուրքերէն մէկն է, որ 1915 թուականի դէպքերուն առնչութեամբ կիրառած է «ցեղասպանութիւն» բառը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+