14 Aralık 2015
Քեսապի մեր աղբիւրը կը յայտնէ, որ սուրիական բանակը, նախապէս իր վերահսկողութեան ենթարկելով Քեսապի մերձակայքը գտնուող «Զահի» լեռնագագաթը, վերջերս նաեւ վերահսկողութեան տակ առած է Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղիի բոլոր այն բլուրներն ու անտառները, որոնք կ՛օգտագործուէին զինեալ խմբաւորումներու կողմէ` արձակազէններու տեղաւորման կամ շրջանի բնակչութեան հրթիռակոծման նպատակով:
Առ այդ, բացուած է Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղին «Քասթալ Մուաֆ», մինչեւ Քեսապի սահմանային անցք: Երեք տարի փակ մնալէ ետք, երէկ կարգ մը հանրակառքեր առաջին անգամ ըլլալով Լաթաքիայէն Քեսապ ուղղուելու համար օգտագործած են մայրուղին: Սուրիական բանակը ներկայիս կը վերականգնէ մայրուղին` ականազերծելով եւ կուպրապատելով զայն, մինչեւ պաշտօնապէս մայրուղիի ապահով տարածք յայտարարումը: Ականազերծումը ցարդ չէ ամբողջացած, մայրուղին տակաւին ապահով տարածք չէ յայտարարուած:
Քեսապի մեր աղբիւրին համաձայն, քեսապցիներ ներկայիս աւելի հանգիստ են, իսկ շրջանը` թէժ բախումներէ զերծ: