Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

14 Aralık 2015  

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած -

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած

Երէկ` կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան հանրաքուէի կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կազմած է արձանագրութիւն` 6 դեկտեմբեր 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ` հիմք ընդունելով տեղամասերուն մէջ քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնները, վերահաշուարկներու արդիւնքները, քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ ընդունած որոշումները:

Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութենէն:

«Հաշուի առնելով վերոյիշեալ արձանագրութիւնը, յանձնախումբերուն միջոցով ստացուած դիմումներու (բողոքներու) քննարկման արդիւնքով ընդունուած որոշումները, հանրաքուէի տեղամասային յանձնախումբերու արձանագրութեան ատեաններուն միջոցով քուէարկութեան օրը արձանագրուած խախտումներուն վերաբերեալ ընտրատարածքային յանձնախումբերու որոշումները, քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ ընդունուած որոշումները` հանրաքուէի կեդրոնական յանձնախումբը ամփոփած է 6 դեկտեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքները եւ տուած որոշում, որուն համաձայն, «6 դեկտեմբեր 2015-ին հանրաքուէի դրուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունուած է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Այո՛» Քուէարկած Է 63,37 Առ Հարիւրը.
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը
Հրապարակեց Հանրաքուէին Արդիւնքները
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը արտահերթ նիստի մը ընթացքին հրապարակեց 6 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէին արդիւնքները: Այսպիսով` քուէարկութեան մասնակցած է 1.302.613 ընտրող կամ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 50,74 առ հարիւրը, անոնց կարգին` նոյնականացման քարտերով մասնակիցներու թիւը կազմած է 189.197:

Սահմանադրական փոփոխութիւններուն «Այո՛» քուէարկած է մասնակիցներուն 63,37 առ հարիւրը կամ 825.521 ընտրող, «Ո՛չ» քուէարկած են մասնակիցներուն 32,36 առ հարիւրը կամ 421.568 ընտրող:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+