Չինաստանի Մէջ Բացուեցաւ Առաջին Հայագիտական Կեդրոնը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

11 Aralık 2015  

Չինաստանի Մէջ Բացուեցաւ Առաջին Հայագիտական Կեդրոնը -

Չինաստանի Մէջ Բացուեցաւ Առաջին Հայագիտական Կեդրոնը Չինաստանի Մէջ Բացուեցաւ Առաջին Հայագիտական Կեդրոնը

Դեկտեմբեր 9-ին Չինաստանի Տալիան քաղաքի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ կայացաւ Չինաստանի մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնի բացումը, որ հնարաւոր եղաւ իրականացնել Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի եւ Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի համագործակցութեան արդիւնքով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:

Կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան, Երեւանի Վ.Բրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի պատուիրակութիւնը` տնօրէն Գայեանէ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ, Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի ղեկավարութիւնը, Տալիանի քաղաքապետարանի, չինական տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Տեղի ունեցած հանդիսաւոր նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան կեդրոնի տնօրէնը, երկու բարեկամ համալսարաններու ղեկավարները, Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանը: Վերջինս կարեւոր համարեց իր տեսակին մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնի բացումը, որ պիտի դառնայ իւրայատուկ հարթակ հայ-չինական երկկողմ յարաբերութիւններու լայն շրջանակի հարցերու քննարկման, յետագայ փոխգործակցութեան խորացման ուղիներու ուսումնասիրութեան համար: Դեսպանը համոզում յայտնեց, որ կեդրոնը պիտի նպաստէ գիտական եւ մշակութային համագործակցութեան ընդլայնման ոչ միայն երկու համալսարաններու, այլեւ երկու երկիրներու կրթական համակարգերուն միջեւ` դառնալով հայ եւ չին ժողովուրդներու բազմադարեայ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան եւս մէկ վառ օրինակ: Ա.Սարգսեան վստահեցուց, որ դեսպանութիւնը անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ կեդրոնին եւ մշտական ուշադութեան կեդրոնին պիտի պահէ անոր գործունէութիւնը:

Ելոյթներէն ետք համալսարանի հայ եւ չինացի ուսանողները միասին արտասանեցին հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները:

Արարողութեան աւարտին մասնակիցները համալսարանի ուսանողներուն հետ միասին այցելեցին նորաբաց կեդրոն` փոխանցելով տարաբնոյթ գիրքեր, ձեռնարկներ, տպագիր եւ ելեկտրոնային ուսումնական նիւթեր` առաջին քայլը կատարելով կեդրոնին մէջ հայագիտական հարուստ գրադարանի ձեւաւորման գործին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+