11 Aralık 2015
Ռուսիա դադրեցուցած է Թուրքիոյ մէջ առաջին հիւլէական կայանի կառուցման աշխատանքները: Նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ ծայր առած լարուած վիճակն ու յարաբերութիւններու աննախընթաց վատթարացումը, այս քայլը բնական դրսեւորում կը նկատուի տիրող իրավիճակին մէջ:
Թուրքիոյ ուժանիւթի մարզին մէջ գործող բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրեր առաջ յայտարարած էր, որ «Ռոսաթոմ» ռուսական ընկերութիւնը չեղեալ չէ յայտարարած Աքքույու աւանին մէջ հիւլէական կայանի կառուցման համաձայնագիրը` կասկած յայտնելով այն մասին, որ Մոսկուա նման քայլի մը դիմէ: Բայց եւ այնպէս Թուրքիա չէ բացառած, որ նոյն ծրագիրով արտասահմանեան այլ ընկերութեան մը հետ համաձայնագիր կնքուի:
Ծրագիրին արժէքը մօտաւորապէս 20 միլիառ տոլար է: Կայանի կառուցման աշխատանքները սկսած էին այս տարուան ապրիլին: 1200 մեկաուաթ հզօրութեամբ կայանը նախատեսուած էր բանիլ 2019 թուականին: