11 Aralık 2015
Չորեքշաբթի գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ իրավիճակը կրկին լարուած եղած է, կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հակառակորդը զինադադարի դրութիւնը խախտած է աւելի քան 200 անգամ` կիրարկելով ականանետեր, նռնականետեր, զենիթահրթիռային կայանք: Արդէն մէկ շաբաթ է, որ շփման գիծին վրայ իրավիճակը կը մնայ լարուած. հայկական կողմը այդ ընթացքին տուած է երկու զոհ:
Ազրպէյճանական կողմը զինադադարի հաստատումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով նաեւ ի գործ դրած է հրետանի: Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան խորհրդարանին մէջ մտահոգութիւն յայտնած էր` նշելով, որ լարուածութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին:
Իսկ 9 դեկտեմբերին Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանային յենակէտին մէջ զինուոր մը վիրաւորուած է: Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանը «Երկիր Մետիա»-ին ըսած է, որ զինուորին անունը Ռազմիկ Աբրահամեան է, ան տեղափոխուած է Երեւան` զինուորական կեդրոնական հիւանդանոց: Անոր վիճակը կայուն-ծանր է: