11 Aralık 2015
Աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ:
Հանդիպման մասնակիցները զրուցած են երկկողմանի յարաբերութիւնները տարբեր հարցերու շուրջ, քննարկած են համագործակցութեան խորացման ուղիները, միջազգային կառոյցներուն մէջ գործակցութեան սերտացումը, շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ: Անոնք անդրադարձած են ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերուն, միջազգային ու շրջանային հրատապ խնդիրներուն` ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան պայքարին, Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումներուն, սուրիական ճգնաժամի լուծման ուղիներուն:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս պարունակին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան զրուցակիցին ուշադրութեան յանձնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ընդառաջ Պաքուի կողմէ տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման սադրանքները: