10 Aralık 2015
Պոլսահայ յայտնի լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատարանի առջեւ պիտի կանգնի թրքական ոստիկանութեան 26 նախկին սպայ:
Ինը տարի երկարող դատավարութեան ծիրէն ներս պաշտօնական մեղադրանք ներկայացուած է ոստիկաններու իրենց ցուցաբերած անփութութեան համար, Hurriyet Daily News-ին յղումով կը գրէ Tert.am-ը:
Ոստիկաններու շարքին են նախապէս բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած անձիք: Առաջ նոյն պաշտօնական մեղադրանքի հաստատումը Սթամպուլի դատարանները երկու անգամ մերժած էին: Այժմ կը սպասուի, որ դատարանը իր որոշումը հրապարակէ 15 օրուայ ընթացքին:
Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին տեղեակ եղած եւ անիկա չկանխած թուրք պետական ծառայողներու գործով քննութեան ընթացքին դատախազ Կէօքալփ Քէոքչուի կողմէ պատրաստուած մեղադրական եզրակացութիւնը ներկայացուած է Սթամպուլի գլխաւոր դատախազութեան: Սպանութեան դէպքէն 9 տարի անց առաջին անգամ որպէս կասկածեալ ցուցմունք տուած է Թուրքիոյ ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Էնկին Տինչը: Ան իր ցուցմունքին մէջ նշած է, թէ տեղեակ եղած են, որ Եասին Հայալը Տինքի դէմ գործողութիւն կը նախապատրաստէ, եւ տեղեկանալու նոյն օրն իսկ տեղեկութիւնը ուղարկած են Սթամպուլի հետախուզութեան:
Նա նշած է, որ Սթամպուլի պատկան մարմիններուն զգուշացուցած է` ինչպէս հեռաձայնով, այնպէս ալ գրաւոր ձեւով: «Տինքի դէմ պատրաստուող մահափորձին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ ստացած ենք Թունճելէն` 2006-ի Փետրուար 15-ին: Փետրուար 17-ին այդ տեղեկութիւնը, զեկոյցի տեսքով, ուղարկած ենք Անգարա եւ Սթամպուլ», – ըսած է ան: