Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Մէջ Գրաւուած Կալուածները - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

10 Aralık 2015  

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Մէջ Գրաւուած Կալուածները -

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Մէջ Գրաւուած Կալուածները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Մէջ Գրաւուած Կալուածները

Էլչին Մաճար «Ակօս»-ին մէջ կը գրէ.

Դ. դա­րու սկիզբնե­­­րուն հիմ­­­նուած Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեցին չէ ճանչցած 451 թուի Քաղ­­­կե­­­­­­­տոնեան Կրօ­­­նական Ժո­­­ղովի որո­­­շումնե­­­րը։ Այդ իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ մաս չի կազ­­­մեր երկբնու­­­թիւնը իւ­­­րացնող եկե­­­ղեցի­­­ներուն։ Կա­­­թողի­­­կէ եկե­­­ղեցին Պա­­­պը կ՚ըն­­­դունի իբ­­­րեւ միակ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն։ Արե­­­ւելեան եկե­­­ղեցի­­­ները եւ անոնց շար­­­քին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նեաց եկե­­­ղեցին ու­­­նե­­­­­­­ցած են մէ­­­կէ աւե­­­լի հո­­­գեւոր կեդ­­­րոններ։

Այ­­­սօր կը գոր­­­ծեն չորս նուիրա­­­պետա­­­կան աթոռ­­­ներ՝ Ա-Էջ­­­միած­­­նի Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թիւն, Բ-Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թիւն, Գ-Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րան, Դ-Պոլ­­­սոյ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րան։ Ինքնիշ­­­խան այս չորս աթոռ­­­նե­­­­­­­րու մէջ Էջ­­­միած­­­նի հո­­­գեւոր պե­­­տը կը կո­­­չուի «Ամե­­­նայն Հա­­­յոց Կա­­­թողի­­­կոս»։

Միջ­­­նա­­­­­­­դարեան Կի­­­լիկիոյ Հա­­­յոց Թա­­­գաւո­­­րու­­­թիւնը կը գտնուի Անա­­­թոլիայի հա­­­րաւը, որուն մայ­­­րա­­­­­­­քաղաքն է Սիս, այժմու Քո­­­զան քա­­­ղաքը։ Հիմ­­­նարկու­­­թե­­­­­­­նէն մին­­­չեւ Ժ. դար Էջ­­­միածին խարսխուած Կա­­­թողի­­­կոսա­­­կան աթո­­­ռը, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ար­­­շա­­­­­­­ւու­­­մէն ետք զա­­­նազան վայ­­­րեր շրջե­­­լէ յե­­­տոյ 1292-ին հաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցաւ Սիս։ Իսկ երբ Կի­­­լիկիան գրա­­­ւուե­­­ցաւ Մէմ­­­լիւքնե­­­րու կող­­­մէ, Մայր Աթո­­­ռը 1441-ին վե­­­րադար­­­ձաւ Էջ­­­միած­­­ին։ Սա­­­կայն Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թիւնը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց գո­­­յատե­­­ւել։

Օս­­­մա­­­­­­­նեան ար­­­խիւնե­­­րու մէջ ԺԹ. դա­­­րու երկրորդ կէ­­­սէն սկսեալ մին­­­չեւ Ի. դա­­­րու սկիզբնե­­­րուն վե­­­րաբե­­­րող բազ­­­մա­­­­­­­թիւ փաս­­­տա­­­­­­­թուղթեր կան։ Այդ փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րէն կ՚իմա­­­նանք թէ պե­­­տու­­­թիւնը կա­­­թողի­­­կոս­­­նե­­­­­­­րու թո­­­շակ կը վճա­­­րէր, մերթ ընդ մերթ հա­­­տու­­­ցումներ կը կա­­­տարէր եւ կա­­­թողի­­­կոսի ընտրու­­­թեան ժա­­­մանակ Պոլ­­­սոյ Պատ­­­րիարա­­­քարա­­­նը խօ­­­սակից ու­­­նե­­­­­­­նալով հան­­­դերձ գոր­­­ծընթա­­­ցին կը հսկէր Ատա­­­նայի կու­­­սա­­­­­­­կալի մի­­­ջոցաւ եւ կը նշա­­­նակէր ամե­­­նաշատ ձայ­­­ներ ստա­­­ցած վեց թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­նե­­­­­­­րուն առա­­­ջինը։ Փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րէն յայտնի կը դառ­­­նայ թէ պե­­­տու­­­թիւնը Պոլ­­­սոյ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի եւ Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան մի­­­ջեւ որոշ հա­­­ւասա­­­րակշռու­­­թիւն մը կը պա­­­հէ ու կ՚ապա­­­հովէ կա­­­թողի­­­կոսա­­­կան աթո­­­ռի ին­­­քիշխա­­­նու­­­թիւնը։

Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թիւնը 1915-ին

Նախ­­­քան Ա. Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին Պա­­­տերազմ, Կի­­­լիկիոյ մէջ կը գոր­­­ծէր կա­­­թողի­­­կոս, եր­­­կու ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս եւ 10 եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­ներ։ Հա­­­յաբ­­­նակ 267 կեդ­­­րոննե­­­րու մէջ կը գոր­­­ծէին 214 եկե­­­ղեցի­­­ներ։ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի 1912-ի վի­­­ճակագ­­­րութեան հա­­­մաձայն Կի­­­լիկիոյ հա­­­յոց թի­­­ւը 407 հա­­­զար էր։ Այդ թի­­­ւը 1914-ին կը ներ­­­կա­­­­­­­յանայ 205 հա­­­զար 50, իսկ Օս­­­մա­­­­­­­նեան վի­­­ճակագ­­­րութիւ­­­նով ալ 91 հա­­­զար 855։

Մա­­­յիս 1915-ին բար­­­ձաստի­­­ճան հո­­­գեւո­­­րական­­­նե­­­­­­­րուն հրա­­­մայուեցաւ Հա­­­լէպ եր­­­թալ։ Այսպէ­­­սով Սուրբ Սո­­­ֆիա տա­­­ճարի ըն­­­տիր ձե­­­ռագիր­­­նե­­­­­­­րը, եկե­­­ղեց­­­ւոյ գան­­­ձա­­­­­­­րանը եւ մա­­­սունքնե­­­րը Հա­­­լէպ փո­­­խադ­­­րուեցան։ 13 Սեպ­­­տեմբեր 1915-ին «Լքուած կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րու օրէնք»ի մի­­­ջոցաւ գրա­­­ւուե­­­ցաւ վա­­­նական հա­­­մալի­­­րը։ Սուրբ Սո­­­ֆիայի տա­­­ճարը գաղ­­­թա­­­­­­­կան թուրք որ­­­բե­­­­­­­րու հա­­­մար օթե­­­ւանի վե­­­րածուեցաւ։ 10 Օգոս­­­տոս 1916-ին շրջա­­­նառու­­­թեան մտած նոր կա­­­նոնա­­­գիրով մըն ալ Օս­­­մա­­­­­­­նեան տա­­­րած­­­քին մէջ գտնուող Կի­­­լիկոյ Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թիւնը, Պոլ­­­սոյ եւ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի պատ­­­րիար­­­քութիւննե­­­րը միացուեցան եւ անոնց իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան տա­­­րած­­­քը սահ­­­մա­­­­­­­նուե­­­ցաւ Օս­­­մա­­­­­­­նեան եր­­­կի­­­­­­­րով։ Այսպէ­­­սով կա­­­պը խզուեցաւ Էջ­­­միած­­­նի Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան հետ եւ Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոս Սա­­­հակ, կո­­­չուե­­­ցաւ «Կա­­­թողի­­­կոս Պատ­­­րիարք»։ Այս դրու­­­թիւնը վերջ գտաւ 30 Հոկ­­­տեմբեր 1918-ին, երբ Օս­­­մա­­­­­­­նեան Կայսրու­­­թիւնը ստո­­­րագ­­­րեց Մոնտրո­­­սի զի­­­նադա­­­դարը եւ 21 Նո­­­յեմ­­­բեր 1918-ին ալ որո­­­շում կա­­­յացաւ 1863-ի սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան գոր­­­ծադրու­­­թեան։

Կի­­­լիկիա դարձ եւ երկրորդ գաղթ

Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տին օս­­­մանցի­­­ներու պար­­­տութիւ­­­նով ֆրան­­­սա­­­­­­­ցիներ իշ­­­խե­­­­­­­ցին Կի­­­լիկիոյ մէջ։ Նոր կա­­­նոնադ­­­րութիւննե­­­րով հա­­­յերուն վե­­­րադար­­­ձը եւ իրենց գրա­­­ւուած կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րուն վե­­­րատի­­­րանա­­­լը ապա­­­հովուեցաւ։ 15 Հոկ­­­տեմբեր 1918 թուակիր փաս­­­տա­­­­­­­թուղթ մը կը տե­­­ղակաց­­­նէ որ Սի­­­սի Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան պատ­­­կա­­­­­­­նող վան­­­քը վե­­­րադար­­­ձուած է հա­­­յերուն։ Կա­­­թողի­­­կոս Պատ­­­րիարք Սա­­­հակն ալ 20 Սեպ­­­տեմբեր 1919-ին նախ Ատա­­­նա եկաւ ու ապա ան­­­ցաւ իր աթո­­­ռին։ Վե­­­րադար­­­ձող հա­­­յերը Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան վար­­­չութե­­­նէն կը պա­­­հան­­­ջէին որ ետ տրուի իրենց գրա­­­ւուած կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րը։ Կի­­­լիկիոյ կու­­­սա­­­­­­­կալ գնդա­­­պետ Պրէ­­­մոն Ապ­­­րիլ-Յու­­­նիս 1919 թուական­­­նե­­­­­­­րուն երեք շրջա­­­բերա­­­կան­­­ներ հրա­­­տարա­­­կեց այս մա­­­սին բայց Օս­­­մա­­­­­­­նեան թղթա­­­բանու­­­թիւնը ձգձգեց այդ հրա­­­հանգնե­­­րու գոր­­­ծադրու­­­թիւնը։ Այդ մի­­­ջոցին յու­­­նա­­­­­­­կան բա­­­նակը պար­­­տութիւններ կը կրէր եւ Ֆրան­­­սա Սու­­­րիոյ մէջ իր գո­­­յու­­­թիւնը ապա­­­հովե­­­լու հա­­­մար մտա­­­դիր էր Ան­­­գա­­­­­­­րայի հետ բա­­­խումնե­­­րէ խու­­­սա­­­­­­­փի 1921-ին Ֆրան­­­սա որո­­­շեց Կի­­­լիկիայէն հե­­­ռանալ։ Այսպէս 31 Մա­­­յիս 1921-ին Սի­­­սի հա­­­յու­­­թե­­­­­­­նէն պա­­­հան­­­ջուեցաւ քա­­­ղաքը լքել։ 31 Յու­­­լի­­­­­­­սին ֆրան­­­սա­­­­­­­ցիներ Սի­­­սի հայ բնակ­­­չութեան հետ միասին Կի­­­լիկիայէն հե­­­ռացան։ Գլէր Փրիս կը գրէ թէ 20 Հոկ­­­տեմբեր 1921-ի Թուրք-Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան հա­­­մաձայ­­­նութե­­­նէ ետք 65 հա­­­զար հա­­­յեր դէ­­­պի հա­­­րաւ գաղ­­­թե­­­­­­­ցին։ Անոնց մէկ մա­­­սը Լի­­­բանան, Սու­­­րիա եւ Պա­­­ղէս­­­տին հաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցան՝ իսկ մէկ մասն ալ տա­­­կաւին Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան տի­­­րապե­­­տու­­­թեան տակ գտնուող Ալեք­­­սանդրէթ։

1915-ին տա­­­րագ­­­րուած հա­­­յերու կա­լուած­­­նե­­­­­­­րը գրա­­­ւուած էին «Լքուած Կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րու Օրէնք»ով։ Ան­­­գա­­­­­­­րայի կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը 15 Ապ­­­րիլ 1923 թուակիր նոր օրէն­­­քով մը այդ կար­­­գադրու­­­թիւնը գոր­­­ծադրեց 1919-էն ետք հե­­­ռացած­­­նե­­­­­­­րուն ու­­­նե­­­­­­­ցուած­­­քին հա­­­մար ալ։

2015-ի դա­­­տը

Թուրքիա վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րուն հիմ­­­նարկնե­­­րուն կա­լուածատի­­­րու­­­թիւնը սահ­­­մա­­­­­­­նող կի­­­րար­­­կումնե­­­րէն հրա­­­ժարած եւ ցարդ գրա­­­ւուած կարգ մը կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րը վե­­­րադար­­­ձուցած է։ Ասոնց մէջ Ենի­­­գիւ­­­ղի Այա Եոր­­­կի յու­­­նաց եկե­­­ղեցին նմա­­­նու­­­թիւն ու­­­նի Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան պա­­­հան­­­ջա­­­­­­­տիրու­­­թեան հետ, քա­­­նի որ այս եկե­­­ղեց­­­ւոյ սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը կը պատ­­­կա­­­­­­­նի ո՛չ թէ Կոս­­­տանդնու­­­պոլսոյ, այլ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Յու­­­նաց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի։ Այս զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով Կի­­­լիկիոյ Արամ Ա. Կա­­­թողի­­­կոս Թուրքիոյ վար­­­չա­­­­­­­պետին 31 Օգոս­­­տոս 2011-ին նա­­­մակ մը գրե­­­լով պա­­­հան­­­ջած է Սի­­­սի Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան պատ­­­մա­­­­­­­կան նստա­­­վայ­­­րը՝ Սուրբ Սո­­­ֆիայի Եկե­­­ղեցին եւ վան­­­քը։ Կա­­­թողի­­­կոսը այս դի­­­մու­­­մին պա­­­տաս­­­խան չէ ստա­­­ցած։ Իսկ 2015-ին դի­­­մեց օրի­­­նական ճամ­­­բա­­­­­­­ներու եւ դատ բա­­­ցաւ Սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան Ատեանի մօտ։

Տա­­­րած­­­քը այ­­­սօր քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանի սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնն է եւ հոն զա­­­նազան բնա­­­կարան­­­նե­­­­­­­րու կող­­­քին կը գոր­­­ծէ բա­ցօթեայ սրճա­­­րան մը։ Դա­­­տի լու­­­րին լսուելէն ետք ալ կա­­­ռու­­­ցուեցաւ ման­­­կա­­­­­­­կան զբօ­­­սայ­­­գի մը։ Հար­­­ցը Թուրքիոյ մա­­­մու­­­լին մէջ ներ­­­կա­­­­­­­յացուեցաւ իբ­­­րեւ հա­­­տուցման պա­­­հանջ, բայց Արամ Կա­­­թողի­­­կոս շեշ­­­տե­­­­­­­լով աղօ­­­թելու իրա­­­ւունքը, ընդգծեց որ պա­­­հան­­­ջա­­­տիրու­­թիւնը կը կա­­յանայ եղե­­կեց­­ւոյ վե­­րադար­­ձին վրայ այլ ո՛չ հատուցման։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+