Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զօրակցութիւնը Յայտնեց Քեսապահայութեան - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

10 Aralık 2015  

Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զօրակցութիւնը Յայտնեց Քեսապահայութեան -

Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զօրակցութիւնը Յայտնեց Քեսապահայութեան Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զօրակցութիւնը Յայտնեց Քեսապահայութեան

Համայն քեսապահայութեան համար բերկրալի եւ գօտեպնդող իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ հայր Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանի պատմական աւան երկօրեայ այցելութիւնը Շաբաթ եւ Կիրակի, 5-6 Դեկտեմբերին։ Արդարեւ, գերապայծառին այցելութիւնը միայն հովուական չէր, այլ անոր նպատակն էր Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ցուցաբերել քեսապահայութեան՝ որ հակառակ բոլոր զրկանքներուն ու դժուարութիւններուն լծուած է պատմական հայաւանը վերականգնելու եւ իր պապենական օճախը վերաշինելու աշխատանքին։ Այս մասին կը յայտնէ news.armeniancatholic.org-ը:

Արդարեւ, հայաւանի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի առաւօտեան մատուցած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, գերապայծառ Ասատուրեան ըսաւ .- «Անհուն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ եկած եմ ձեզի փոխանցելու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ողջոյններն ու օրհնութիւնը, որովհետեւ բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ դուք հաւատարիմ մնացիք Աստուծայ պատգամին որ կ’ըսէ.- “Հետս եղէք մինչեւ աշխարհին կատարածը»։

«Դուք այս պատգամին ձեր հաւատարմութիւնը ցուցաբերեցիք ամէնէն դժուարին, վտանգալից ու ողբերգական վիճակներուն մէջ անգամ։ Այս պատգամով զօրացած՝ դուք ձեր քրիստոնեավայել ու հայավայել կեցուածքով հանդիսացաք՝ քիչ է ըսել բարի օրինակը, այլ հերոսավայել օրինակը ճշմարիտ քրիստոնեայի եւ հարազատ հայու, որ գիտէ տոկալ ու դիմադրել։ Դուք տոկացիք ու դիմադրեցիք բոլոր ճնշումներուն՝ առանց կորսնցնելու ձեր հաւատքն ու յոյսը։ Դուք կառչած մնացիք ձեր ինքնութեան երկու յատկանիշերուն՝ ՀԱՅ եւ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ»։

«Վստահ կրնաք ըլլալ որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ համայն Ազգը շնորհակալ է ձեզի եւ ձեր կողքին կը գտնուի։ Ասոր մէկ վկայութիւնն է իմ ներկայութիւնս այսօր ձեր մէջ»։

Ապա, գերապայծառ Տէրը բարձր գնահատեց ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեանի անձնուրաց կեցուածքը իր հօտի կողքին։ «Ան եղաւ բոլոր պայմաններուն տակ իր հօտին գլուխը կանգնած քաջ հովիւը, որ գիտցաւ զօրակցիլ, քաջալերել ու ոգեւորել ոչ միայն բանիւ այլ գործով»։

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը ապա գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց քոյր եկեղեցիներուն ու համայնքներուն միջեւ հաստատուած միասնականութեան ու համագործակցութեան համար, «որ զօրացուց օրհասական պահերը թիկունք թիկունքի տուած դիմագրաւելու քեսապահայութեան կամքի ուժը։ Այս կերպով, քեսապահայութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդին միասնականութեան ուժին կարեւորութեան վառ օրինակը»։

Հուսկ, գերապայծառ Տէրը ուրախութեամբ նշեց Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ 90 ամեակը որ կը նշուէր այդ օր ըսելով. «Երբ կանգուն է Եկեղեցին, կը նշանակէ որ կանգուն էք նաեւ դուք։ Եկեղեցւոյ պայծառացումը վկայութիւնն է ձեր կառչածութեան Հաւատքին, վկայութիւնն է ձեր ազգասիրութեան ու հայրենանուիրումին»։

Շաբաթ Լաթաքիա ժամանումին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը եւ իրեն ուղեկցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Քեսապի քաղաքապետին եւ թաղապետին կողմէ։ Քեսապի մուտքին անոնք դիմաւորուեցան հոգեւոր հայրերուն եւ ծխական խորհուրդներու անդամներուն կողմէ։ Այնուհետեւ, գերապայծառ Տէրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի երջանկայիշատակ Հայր Մեսրոպ Ճուրեանի յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթող-Խաչքարը խոնարհելու եւ ոգեկոչելու համար քեսապահայ մեծանուն հոգեւորականին եւ ննջեցեալ հայրերու յիշատակը։

Յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան յաջորդեց ընդունելութիւն մը մասնակցութեամբ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն։

Կիրակի գերապայծառ Հօր կողմէ մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը՝ որուն առաջին շարքերուն վրայ կը գտնուէին լատիններու հոգեւոր առաջնորդը որ այս առթիւ յատկապէս ժամանած էր Լաթաքիայէն, ինչպէս նաեւ հայաւանին պաշտօնական, կուսակցական, միութենական ներկայացուցիչները, որոնք մասնակցեցան հանդիսաւոր ագապին որ յաջորդեց եկեղեցական արարողութեան։ Այս առթիւ, յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ գերապայծառ Հօր եւ լատին հոգեւոր առաջնորդին ու ժողովրդապետ Հայր Նարեկին միջեւ։

Երկօրեայ յիշարժան այս այցելութեան ընթացքին, Գերպծ. Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Քեսապի գերեզմանատան մէջ, հանդիպումներ ունեցաւ ծխական խորհուրդներու, ինչպէս նաեւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, այցելեց հայ կաթողիկէ վարժարան եւ շուրջ 30 ընտանիքներու, որոնց անդամներէն շատեր զոհուած էին Քեսապի վրայ կատարուած ներխուժումի ընթացքին։

Համայն քեսապահայութեան համար ողջունելի եւ յիշարժան իրադարձութիւն մը եղաւ գերպծ. Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանին այցելութիւնը հայաւան։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+