10 Aralık 2015
ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած ստորագրահաւաք սկսած է: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքալեզու «amerikaninsesi.com» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ, որ «նախագահ Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիան պէտք է հռչակուի որպէս ահաբեկչութեան աջակցող պետութիւն եւ պէտք է վերջ դրուի Ամերիկայի հետ դաշնակցութեան» վերնագիրով ստորագրահաւաքը մեկնարկած է Սպիտակ տան պաշտօնական կայքէջին մէջ:
Ըստ աղբիւրին` Սպիտակ տան կողմէ պատասխանի արժանանալու համար այսպիսի դիմումները սովորաբար պէտք է 30 օրուան մէջ 100.000 ստորագրութիւն հաւաքեն:
«Whitehouse.gov» կայքին մէջ տեղ գտած դիմումը ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը.
«Սուրիոյ մէջ ԻՊ-ի (İŞİD-«Իսլամական պետութիւն») թիրախները ռմբակոծող ռուսական օդանաւին` Թուրքիոյ կողմէ խոցուելէն ետք անհնար է հերքել այն փաստը, որ նախագահ Էրտողան կ՛աջակցի Սուրիոյ ջիհատական ահաբեկիչներուն: ԻՊ-ը Թուրքիոյ տարածքով քարիւղ կը վաճառէ, ԻՊ-ի եւ Ալ-Քայիտէյի ահաբեկիչները եւ այլ ջիհատական խումբեր ելումուտ կ՛ընեն թրքական սահմանով:
«Թուրքիան նախախապէս ալ աջակցած է Պոսնիոյ, Չեչնիոյ, Պաղեստինի, Վրաստանի, Եգիպտոսի եւ Չինաստանի մէջ գործող ահաբեկչական խումբերուն, իր հարեւաններուն դէմ (Կիպրոսի մէջ զինուորներ տեղակայելով, Յունաստանի օդային սահմանը խախտելով, Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելով) թշնամական պահուածք դրսեւորած է, ցեղասպանութեան ենթարկած է հայերը, յոյները, ասորիները: Այս պատճառներէն մեկնած` Թուրքիան պէտք է յայտարարուի ահաբեկչութեան աջակցող պետութիւն եւ պէտք է վերջ դրուի ՆԱԹՕ-ի ծիրէն ներս Թուրքիա-Ամերիկա դաշնակցութեան»: