10 Aralık 2015
Հանոյի Սուրբ Ժոզէֆի կաթոլիկ տաճարին մէջ Վիեթնամի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ մատուցուած է պատարագ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդմամբ, պատարագին մասնակցած են Վիեթնամի մէջ ՀՀ դեսպան Ռայիսա Վարդանեանը, Հայ-վիեթնամական բարեկամական խումբի անդամներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, վիեթնամցի եւ օտարերկրեայ այցելուներ, լրագրողներ:
Հանոյի Արքեպիսկոպոս Զոզէֆ Նգօ Քուանգ Քիեթը ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օրը Վիեթնամի կաթոլիկ եկեղեցին հայ ժողովուրդի կողքին է:
Պատարագի աւարտին դեսպան Ռայիսա Վարդանեանը Հանոյի Արքեպիսկոպոսին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը լաւ կը գիտակցի խաղաղութեան արժէքը, սակայն դեռ կան երկիրներ, որոնք ոչ միայն չեն հասկնար խաղաղութեան խորհուրդը, այլ նաեւ կը շարունակեն սերմանել անհանդուրժողականութիւն եւ կը վարեն ժխտողական քաղաքականութիւն:
Ըստ դեսպան Վարդանեանի` հայ եւ վիեթնամացի ժողովուրդները իրենց համատեղ ջանքերը պէտք է գործադրեն անարդարութեան դէմ պայքարին համար: Հայ ժողովուրդը իր օրինակով ցոյց տուած է ամբողջ աշխարհին, որ նոյնիսկ հարիւր տարի անց կարելի է պայքարիլ եւ հասնիլ արդարութեան` ի հեճուկս բոլոր խոչընդոտներուն: