10 Aralık 2015
Զուիցերիական «Թրիպիւն տը Ժընեւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ եկամուտ կ՛ապահովէ առեւտուրէն բամպակի, որուն տեղափոխումը կը կատարուի Թուրքիոյ տարածքով:
Օրաթերթին տուեալներով` Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն առաջ երկրին մէջ բամպակը մեծածաւալ կերպով կ՛արտադրուէր, իսկ այսօր բամպակի դաշտերուն մեծ մասը կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:
«ՏԱՀԵՇ քարիւղի առեւտուրէն իր ստացած տարեկան 2 միլիոն տոլար եկամուտին եւ մարդոց համար փրկագին պահանջելու կողքին բամպակի վաճառքէն կը ստանայ յաւելեալ գումարներ», կը գրէ օրաթերթը:
Նշենք, որ ըստ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութեան մը, այս տարուան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի ամսական եկամուտը 80 միլիոն տոլար եղած է: