10 Aralık 2015
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ազրպէյճանական «Ազատլըկ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է 2016-ի պետական պիւտճէի մասին օրէնքը, որուն մէջ պաշտպանական մարզին համար ծախսերը, անցեալ տարուան համեմատ, կրճատուած են գրեթէ երկու անգամով եւ նախատեսուած է 1 միլիառ 937 միլիոն 821.237 հազար մանաթի մակարդակի, ինչ որ կը կազմէ ամբողջ պետական պիւտճէի ծախսերուն 12,6 առ հարիւրը:
Կը նշուի, որ պաշտպանական մարզին համար նախատեսուած ծախսերուն 1 միլիառ 463 միլիոն 3,9 հազար մանաթը յատկացուած է պաշտպանութեան նախարարութեան, 210 միլիոն 919 հազար մանաթը` պետական սահմանային ծառայութեան, 108 միլիոն 894 հազար մանաթը` ազգային անվտանգութեան նախարարութեան, իսկ մնացեալ մասը` այլ պաշտպանական նշանակութեան կառոյցներուն:
«Ազատլըկ» կը նշէ, որ 2015-ի պիւտճէին մէջ Ազրպէյճանի զինուորական ծախսերը նախատեսուած էին 3 միլիառ 783 միլիոն մանաթ, ինչ որ պէտք էր կազմէր 2015-ի պետական պիւտճէին 17,9 առ հարիւրը: Ազրպէյճանի պետական պիւտճէին մէջ 2016-ի համար նախատեսուած զինուորական ծախսերը, այս տարուան համեմատ, շուրջ երկու անգամով քիչ են:
Պիւտճէական ցուցանիշները կազմուած են քարիւղի մէկ տակառի 50 տոլար արժէքի եւ մէկ տոլարի դիմաց մանաթի 1,05 փոխարժէքի նախատեսութեամբ:
Ազրպէյճանի պետական պիւտճէին եւ պաշտպանական մարզին համար յատկացումներուն, անցեալ տարուան եղածին համեմատ, գրեթէ երկու անգամով նուազիլը կապուած է քարիւղի գիներու անկումի շարունակման հետ:
Ազրպէյճանի արտածումներու 95 առ հարիւրը կը կազմեն բնական կազը, քարիւղն ու քարիւղային մթերքները, իսկ երկրի պետական պիւտճէն 75 առ հարիւրով կը ձեւաւորուի ուժանիւթի արտածումէն ստացուող եկամուտներով:
Ազրպէյճանի 2015-ի պետական պիւտճէին մէջ քարիւղի մէկ տակառին գինը նախատեսուած էր 90 տոլար: Ներկայիս այդ մէկ տակառ քարիւղին գինը արդէն պետական պիւտճէին մէջ նախատեսուածէն շուրջ 49 տոլար նուազ է: