Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

09 Aralık 2015  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց

Երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ողջունեց Հայաստանի մէջ սահմանադրութեան փոփոխութիւնները եւ յոյս յայտնեց, որ «այս կարեւոր քայլը աւելի պիտի ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, առիթ պիտի ստեղծէ ժողովուրդը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի լայն ու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքը յուզող հիմնահարցերը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ եւ պարտաւորութիւնը պիտի շեշտէ»:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը նաեւ վերաշեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան առաւել ամրապնդման եւ հզօրացման ձգտող բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+