Պաղեստինի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օր Յունաստանի Մէջ. Հաղորդագրութիւն - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

08 Aralık 2015  

Պաղեստինի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օր Յունաստանի Մէջ. Հաղորդագրութիւն -

Պաղեստինի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օր Յունաստանի Մէջ. Հաղորդագրութիւն Պաղեստինի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օր Յունաստանի Մէջ. Հաղորդագրութիւն

Ընդառաջելով Յունաստանի մէջ գործող Պաղեստինի Պետութեան դեսպան մեծայարգ պրն. Մարուան Թուպպասիի հրաւէրին, յանուն Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան ներկայ գտնուեցաւ «Պաղեստինի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օր»ուան առթիւ կազմակերպուած մշակութային-գեղարուեստական ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ 4 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ամարուսիի «Տայիս Սէնթըր»ի ամփիթատրոնին մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ եղան հելլէն կառավարութեան ներկայացուցիչ եւ ներքին գործոց նախարար Փանաեոթիս Քուրուպլիս, Ազգային Խորհրդարանի անդամներ, նախարարներ, օտար երկիրներու դեսպաններ, զինուորականներ, Յունաստանի խորհրդարանական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Յունաստանի Եւրոխորհրդարանի նախկին նախարար եւ ազգային հերոս Մանոլիս Ղլեզոս եւ մեծահամբաւ յօրինող Միքիս Թէոտորաքիսի ներկայացուցիչը:

Աւելի քան երեք ժամ տեւող հանդիսութեան, ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Յունաստանի ներքին գործոց նախարարը եւ Պաղեստինի Պետութեան դեսպանը, որ իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց պրն. Մանոլիս Ղլեզոսն ու Միքիս Թէոտորաքիսի ներկայացուցիչը, ու յանձնեց Պաղեստինի Պետութեան նախագահ Պրն. Մահմուտ Ապպասի կողմէ անոնց պարգեւուած «Պաղեստինի Պատուոյ Քաղաքացի»ի անձնագիրերը:

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ «Միքիս Թէոտորաքիս» համոյթի նուագախումբը իր երգիչներով եւ Յունական ու Պաղեստինեան ժողովրդային երգի եւ պարի համոյթները, իրենց ճոխ գեղարուեստական յայտագիրներով:

Աւարտին Տէր Նարեկ Քահանայ Հայրը յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Յունահայութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան պրն. Մարուան Թուպպասիի հրաւէրին համար եւ մաղթեց, որ մարտունակ եւ ազատատենչ պաղեստինցի տառապեալ ժողովուրդը հասնի իր խաղաղ հայրենիքի կերտման ու միջազգային ճանաչման:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+