08 Aralık 2015
Հայաստանի «էրեբունի» ռազմակայանին մէջ Ռուսիոյ զինուած ուժերը կը զօրացնեն իրենց ներկայութիւնը` Մի24-Պ եւ Մի-8ՄՏ ուղղաթիռներու նոր խմբաքանակ մատակարարելով: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի» գործակալութիւնը:
«Մինչ այս տարուան աւարտը պիտի ուղարկուի օդանաւերու եւս խմբաքանակ մը: Ուղղաթիռները պիտի տեղակայուին ՄԻԿ-29 կործանիչներու կողքին: Ուղղաթիռները կը համալրուին մէկ ամսուան ընթացքին, որմէ ետք օդաչուները պիտի սկսին ծրագրաւորուած թռիչքները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հարաւային ռազմական շրջանի մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ուղարկուած խմբաքանակին մէջ ներառուած են 7 հարուածային ՄԻ24-Պ եւ փոխադրութեան համար նախատեսուած ՄԻ-8ՄՏ ուղղաթիռ: