Տաւութօղլու. «Թուրքիան Մտադիր Չէ Խաթարել Իրաքի Գերիշխանութիւնը». «Թեհրանի Յարանուանական Քաղաքականութիւնը Վ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

08 Aralık 2015  

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Մտադիր Չէ Խաթարել Իրաքի Գերիշխանութիւնը». «Թեհրանի Յարանուանական Քաղաքականութիւնը Վ -

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Մտադիր Չէ Խաթարել Իրաքի Գերիշխանութիւնը». «Թեհրանի Յարանուանական Քաղաքականութիւնը Վ Տաւութօղլու. «Թուրքիան Մտադիր Չէ Խաթարել Իրաքի Գերիշխանութիւնը». «Թեհրանի Յարանուանական Քաղաքականութիւնը Վտանգաւոր Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի բազմիցս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ աւելի ազդու աջակցութիւն խնդրած է: Ան նշեց. «Մեր պարտաւորութիւնն է պաշտպանել Մուսուլի մէջ մարզումի աշխատանք ստանձնած զինուորները»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ թրքական ուժերու Իրաքի մէջ ներկայութեան նպատակը «խորհրդատուութիւնն ու մարզումն է»` աւելցնելով, որ օդուժի գործողութիւնները բաւարար չեն ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու եւ անհրաժեշտ է, որ չափաւորական ընդդիմութեան կողքին ցամաքային ազդու ուժ գոյութիւն ունենայ: Ան ըսաւ, որ Իրաքի պաշտպանութեան նախարար Խալետ Օպէյտի նախապէս ճշդուած այցելութիւն մը պիտի տայ Անգարա:

«Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրանեան քաղաքականութեան հետ տարակարծիք ենք: Թեհրանի յարանուանական քաղաքականութիւնը վտանգաւոր է», ըսաւ ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիան մտադիր չէ աւելի մեծ թիւով զինուորներ ուղարկել Իրաքի Նինուէ նահանգ: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան կ՛ուզէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ ուժեղացնել Իրաքի հետ յարաբերութիւնները եւ չ՛ուզեր խախտել Իրաքի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:

Կը հաղորդուի, որ Տաւութօղլու Իրաքի վարչապետին յայտնած է «զինուորներու ուսումնամարզական առաքելութեան մասին»:

Իրաքի իշխանութիւններուն տուեալներով` թրքական 4 հրասայլային գումարտակ մուտք գործած է Իրաքի Նինուէ նահանգ` իբրեւ թէ քիւրտ զինեալները պատրաստելու ահաբեկիչներուն դէմ պայքարի համար: Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջած է թուրք զինուորները հեռացնել Իրաքի տարածքէն` նշելով, որ անոնց քայլը կը նկատէ «թշնամական գործողութիւն»:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրաքի իշխանութիւնները Անգարայէն պահանջած են 48 ժամուան ընթացքին իր զօրքերը հեռացնել Իրաքի տարածքէն:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Պրեթ ՄքՔըրք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Միացեալ Նահանգներ չեն աջակցիր առանց Իրաքի կառավարութեան համաձայնութեան Իրաքի մէջ զօրքերու տեղակայման: Ատիկա կը վերաբերի թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ալ որեւէ այլ երկրի զինեալ ուժերուն: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին մենք աշխուժօրէն յորդորած ենք թրքական եւ իրաքեան կառավարութիւնները քննարկելու ստեղծուած կացութիւնը համապատասխան ուղիներով»:

Ան դրական եւ կառուցողական քայլ նկատած է Թուրքիոյ եւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Օպամայի յատուկ ներկայացուցիչը նաեւ յորդորած է բոլոր կողմերուն խնդիրին տալ դիւանագիտական լուծում, որովհետեւ բոլոր գործընկերները միաւորուած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր երէկ յայտարարեց, որ Իրաք գերիշխան երկիր է եւ անոր հողերուն վրայ որեւէ օտար զինուորական ներկայութիւն պէտք է անոր հետ համակարգուած ըլլայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+