08 Aralık 2015
1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժին 27-րդ տարելիցին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 7 դեկտեմբերին այցելած է Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաք: Կառավարութեան ղեկավարը ծաղիկներ զետեղած է Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած 1988-ի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին դիմաց եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած:
7 դեկտեմբերի կանուխ առաւօտէն Ստեփանակերտի յուշահամալիրը մարդաշատ էր: Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին դիմաց մարդիկ կը խոնարհէին եւ ծաղիկներ կը զետեղէին:
Յուշահամալիր այցելած ու երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը:
«1988 թուականի երկրաշարժը չսպիացող վէրք է: Տակաւին շատ երկար պիտի յիշենք այդ աղէտին հետեւանքները: Պէտք է նշել, որ նոյնիսկ նման ծանր պայմաններու մէջ հայ ազգի ոգին չկտրուեցաւ, եւ այդ ժամանակ ձեւաւորուած միաբանութիւնը մեզի ուժ տուաւ` յաղթահարելու բազում դժուարութիւններ», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան: