Թուրքիա Մերժած Է Փակել Սուրիոյ Հետ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վերահսկուող Սահմանը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

07 Aralık 2015  

Թուրքիա Մերժած Է Փակել Սուրիոյ Հետ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վերահսկուող Սահմանը -

Թուրքիա Մերժած Է Փակել Սուրիոյ Հետ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վերահսկուող Սահմանը Թուրքիա Մերժած Է Փակել Սուրիոյ Հետ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վերահսկուող Սահմանը

Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիան մերժած է փակել Սուրիոյ հետ սահմանը այն հատուածին մէջ, որ կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն այդ մերժումը պատճառաբանած է անով, որ Անգարան չի կրնար այդպիսի քայլի դիմել, որովհետեւ այդ պարագային ան պիտի չկարենայ ընդունիլ տեղահանուածները, որոնք զանգուածաբար կը կտրեն սահմանը:

Տաւութօղլու յայտնած է, որ ներկայ դրութեամբ թուրք-սուրիական սահմանի շուրջ 98 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածը կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ, եւ Թուրքիան կը ձգտի առաւելագոյնս ամրապնդել սահմանային գօտին: Տաւութօղլուն իսլամականներուն մինչեւ հիմա ջախջախուած չըլլալնուն համար մեղադրած է ռուսական օդուժը:

Տաւութօղլուի կարծիքով` սահմանը փակելու համար Թուրքիան պէտք է 30 հազար զինուոր յատկացնէ եւ իւրաքանչիւր 3 մեթրի վրայ պահակային կեդրոններ տեղակայէ: Ան յայտարարած է, որ երկրի պիւտճէն այդ կարելիութիւնը չունի: Բացի ատկէ, թրքական իշխանութիւնները կը վախնան, որ ՏԱՀԵՇ այդ քայլը ընկալէ իբրեւ յարձակողապաշտ գործողութիւններ եւ «պատասխան միջոցառումներու ձեռնարկէ»:

2 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ բանակցութիւններէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած էր, որ Անգարան պատրաստ է ամբողջութեամբ փակելու սահմանը: Քերրի Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած էր. «Թուրքիան շահագրգռուած է, որ դադրեցուի ապօրինի փոխադրուող քարիւղի տեղաշարժը կամ օտար զինեալներու տեղաշարժը երկու ուղղութեամբ ալ փակուի»:

Ան նշած էր, որ Էրտողան մտադիր է այդ քայլին դիմելու: «Մենք ատոր վրայ պիտի աշխատինք միասին, կը պատրաստուինք անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կատարել մեր զինուորականներուն միջեւ, որպէսզի այդ մէկը ընենք», ըսած էր ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` Թուրքիան անպայման պէտք է աւելին ընէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:

«Թուրքիան բազմաթիւ ապացոյցներ ունի, որ ՏԱՀԵՇ իր համար վտանգ կը ներկայացնէ: Կը կարծեմ` իրենք աւելին կրնան ընել անվտանգութեան ապահովման համար եւ սահմանի փակման համար», լրագրողներուն ըսած է Փենթակոնի ղեկավարը:

Ըստ անոր, պարտադիր է, որ Թուրքիան աւելի շատ քայլերու ձեռնարկէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+