07 Aralık 2015
Շարունակելով Լիբանանի պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն իր այցելութիւնները` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, ուրբաթ, 4 դեկտեմբերի կէսօրին այցելեց Այն Թինէ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:
Անդրադառնալով ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ ընտրութեան եւ գահակալութեան` խորհրդարանի նախագահը բարեմաղթանքները ներկայացուց ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ` կարեւոր նկատելով համայնքապետերուն խաղաղարար առաքելութիւնը շրջանին մէջ ստեղծուած խռովայոյզ իրավիճակին մէջ: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին ջերմ ընդունելութեան եւ իր գահակալութեան առիթով ներկայացուցած շնորհաւորութիւններուն ու բարեմաղթանքներուն համար:
Այնուհետեւ, աւելի քան 30 վայրկեան տեւած խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերուն, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին եւ նախագահական ընտրութեան կարեւորութեան վրայ: