04 Aralık 2015
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը (ՆԳՆ) «թերի ծառայութեան» համար Հրանդ Տինքի ընտանիքին 100 հազար լիրա փոխհատուցում պիտի վճարէ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Սթամպուլի հայկական «Ակօս»-ը, ՆԳՆ-ի դէմ Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած հայցի հիման վրայ դատարանը ՆԳՆ-ին պարտաւորեցուցած էր «թերի ծառայութեան» համար Տինքի ընտանիքին որպէս փոխհատուցում վճարել 100 հազար լիրա:
ՆԳՆ-ը բողոքարկած էր այս որոշումը, սակայն վճռաբեկ դատարանը մերժած է ՆԳՆ-ի բողոքը եւ հաստատած դատարանին կայացուցած որոշումը: