Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Մեծարման Երեկոյ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

03 Aralık 2015  

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Մեծարման Երեկոյ -

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Մեծարման Երեկոյ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Մեծարման Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի:

Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանայի վարչութեան անունով փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթէպլեան: Ան ըսաւ, թէ Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Լիբանանէն Ամերիկա մեկնումին առիթով մէկտեղուած ենք, եւ թէեւ տխուր է հրաժեշտի այս պահը, սակայն ուրախութեամբ պէտք է ընկալենք, որովհետեւ ան արժանի է այս մեծարանքին: Այնթէպլեան կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի մէջ տարուող կամաւոր աշխատանքն ու ծառայողներուն մեծութիւնը, որուն օրինակելի տիպարներէն է Ս. Կանաչեան-Թիւսիւզեան: Ապա անդրադարձաւ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս մշակութային կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումներուն: Այնթապլեան ըսաւ, թէ «Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան իր աշխատանքներով եւ ծառայութեամբ ունեցած է իր վաստակը, որ միայն յարգանք կը պարտադրէ»:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսանողներ եւ ուսուցչական կազմէն անդամներ: Հելեն Ադամեան տուտուկով ներկայացուց «Գարնանային» ստեղծագործութիւնը, Նարէ Աշգարեան ջութակով ներկայացուց «Պախ-ժիկա»-ն, որմէ ետք Կայէլ (քանոնով) եւ Կարօ (դաշնակով) Գրիգորեանները ներկայացուցին «Վարդագոյն աղջիկներու պարը» երաժշտական կտորը: Կ. Գրիգորեան նաեւ նուագեց «Վաղարշապատի պարը», իսկ Շողիկ Թորոսեան իր մետաքսեայ ձայնով, ընկերակցութեամբ դաշնակի վրայ Յասմիկ Գասպարեանի, ներկաներուն հրամցուցին Բ. Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն «Ալվարդի երազը», «Օրոր»-ը եւ «Պճինկօ»-ն:

Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց Նորայր Նաճարեան: Նաճարեան ըսաւ, թէ Ս. Կանաչեան-Թիւսիւզեան 45 տարիներու ընթացքին Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին մէջ յարատեւ աշխուժութեամբ գործեց: Ան Ս. Թիւսիւզեանը նկատեց կամաւոր աշխատանքի հերուսուհի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին մէջ կատարած լայնածաւալ աշխատանքներուն համար: «Սիրելի՛ Սեդա, վստահ եմ, որ հոն ալ հանգիստ ձեռնածալ պիտի չմնաս: Մենք կը կորսնցնենք քեզ, բայց մենք քեզի երբեք պիտի չմոռնանք», եզրափակեց Նաճարեան:

Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալլոզեանի: Երգչախումբը ներկայացուց «Գարուն եկաւ», «Հայրէն կարօտ» եւ «Հոյ Նար» խմբերգները:

Հանդիսութեան աւարտին Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան փոխանցեց իր շնորհակալութեան խօսքը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+