Լաւրով Պուտափեշթի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Չաւուշօղլուի Հետ. Ռուսիա. «Էրտողանն Ու Անոր Ընտանիքը Մասնակից Ե - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

03 Aralık 2015  

Լաւրով Պուտափեշթի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Չաւուշօղլուի Հետ. Ռուսիա. «Էրտողանն Ու Անոր Ընտանիքը Մասնակից Ե -

Լաւրով Պուտափեշթի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Չաւուշօղլուի Հետ. Ռուսիա. «Էրտողանն Ու Անոր Ընտանիքը Մասնակից Ե Լաւրով Պուտափեշթի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Չաւուշօղլուի Հետ. Ռուսիա. «Էրտողանն Ու Անոր Ընտանիքը Մասնակից Են ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Քարիւղի Գործառքներուն»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Պելկրատի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:

Ան յիշեցուցած է, որ «Սու-24»-ի միջադէպէն մէկ օր ետք ինք բանակցութիւն վարած է Չաւուշօղլուի հետ, սակայն «անկէ ոչ մէկ նոր բան լսած եմ» Անգարայի` արդէն հրապարակաւ հնչած դիրքորոշման մասին, որ, ըստ Լաւրովի, կը ձգտի արդարացնել թրքական օդուժին գործողութիւնները:

«Այժմ թրքական կողմը յամառօրէն կը խնդրէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ դէմ առ դէմ հանդիպում կազմակերպել Պելկրատի մէջ` արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ: Մենք պիտի չխուսափինք այդ հանդիպումէն, պիտի լսենք, թէ մեզի ի՛նչ պիտի ըսէ պարոն Չաւուշօղլուն: Թերեւս նոր բան մը յայտնուի այն բանի համեմատութեամբ, ինչ որ արդէն հրապարակաւ ըսուած է», յայտարարեց ան:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 22-րդ երկօրեայ նիստը կը սկսի այսօր` Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ:

Չաւուշօղլու երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Ռուսիոյ հետ լարուածութեան մագլցում չենք ուզեր, եւ կարեւորը լուծումներ գտնելն է»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Անգարա պիտի չպատասխանէ թրքական օդուժին կողմէ անոր օդանաւերէն մէկուն վար առնուելէն ետք Մոսկուայի դրսեւորած զգացական հակազդեցութեան եւ ատոր քաղաքացիներուն ու շահերուն ձեռք պիտի չտայ»:

«Մենք հաւասարակշռուած մօտեցում որդեգրած ենք Ռուսիոյ զգացական քայլերուն դիմաց», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Թուրքիայէն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն վտարումը բացառուած է, որովհետեւ ատիկա Թուրքիոյ չի վայելեր»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ «Սու-24»-ի հարցը արծարծել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ Էրտողանն ու անոր ընտանիքին անդամները ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի հետ քարիւղի գործառքներու մասնակցութեան մէջ: Նախարարը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի ենթակառոյցները հարուածել սպառնալէ ետք յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի աջակցութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ պիտի բացայայտէ:

Նախարարութիւնը հրապարակեց արբանեակներու ճամբով ապահովուած լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող սիթեռններ, որոնք մուտք կը գործեն Թուրքիա` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ օրական 200 հազար տակառ քարիւղ մաքսանենգելու համար կ՛օգտագործէ 8500 սիթեռններ եւ այդ առեւտուրէն օրական 3 միլիոն տոլարի շահ կ՛ապահովէ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ քարիւղին մէկ մասը կը ծախուի թրքական շուկային մէջ, իսկ միւս բաժինը կը փոխադրուի Չորք Մարզպանի եւ Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստներ:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործած են 2000 ահաբեկիչներ, ինչպէս նաեւ 120 թոն զինամթերք, եւ Անգարան ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-էն ստացած քարիւղին դիմաց զէնք-զինամթերք տրամադրելու յանցանքով:

Էրտողան երէկ դարձեալ յայտարարեց, որ պիտի հրաժարի, եթէ փաստուի, թէ Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի հետ քարիւղի առեւտուր կը կատարէ` աւելցնելով. «Ոչ ոք իրաւունք ունի վարկաբեկելու Թուրքիան` զայն ամբաստանելով ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ գնելու յանցանքով»:

Մինչ այդ, ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու` մեկնաբանելով այն տեղեկութիւնները, թէ Ռուսիան կրնայ դադրեցնել Թուրքիոյ կազ մատակարարելը, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար ռուսական կազի այլընտրանք պիտի ըլլայ ազրպէյճանականը, սակայն միաժամանակ Անգարան յոյս յայտնած է, որ Ռուսիան այդպիսի քայլի չդիմէ, իսկ եթէ դիմէ, ապա այլընտրանքը ըլլայ կազի ներածումը Իրանէն ու Ազրպէյճանէն:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Պելկրատի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր ռուս պաշտօնակից Լաւրովի հետ: «Անոնք պիտի քննարկեն Սուրիոյ կացութեան կարգաւորման Վիեննայի հոլովոյթը, ռուսական օդանաւին առնչուած միջադէպը եւ Ուքրանիան` տեղւոյն կացութիւնը, Մինսքի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ երէկ յայտարարուեցաւ, թէ Սուրիոյ շուրջ Վիեննայի ժողովը պիտի գումարուի 18 դեկտեմբերին, սակայն Նիւ Եորքի մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+